ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻԱ – ԻՍՐԱՅԷԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՊԻՏԻ ՉԱԶԴԵՆ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 12 յաւելեալ երկիրներ պաշտօնապէս առաջարկած են Վանի երկրաշարժի հետեւանքներուն վերացման համար օժանդակել Թուրքիոյ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սելճուք Իւնալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ուքրանիա, Բրիտանիա, Ֆրանսա, Ղազախստան, Եգիպտոս, Ռուսիա, Իսրայէլ, Զուիցերիա, Ազրպէյճան, Իրլանտա, Ճափոն, Պելճիքա, ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գործակալութիւնը եւ ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգումի գրասենեակը Թուրքիոյ օժանդակութիւն առաջարկած են:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Իսրայէլի կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը պիտի ազդէ՞ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններուն, Իւնալ ըսաւ, որ երկկողմանի յարաբերութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ հիմնական սպասումներուն մէջ փոփոխութիւն չկայ` աւելցնելով, որ «երկու հարցերը իրարմէ տարբեր են»: Նշենք, որ իսրայէլեան մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող «Էլ Ալ» ընկերութեան առաջին օդանաւը երէկ էջք կատարեց Թուրքիա:

Անգարա յայտնեց, որ Բրիտանիոյ միջազգային զարգացման բաժանմունքը պիտի ուղարկէ 1444 ձմեռնային վրաններ, որոնք 5500 հոգի կրնան պատսպարել: Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը իր կարգին երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն իբրեւ օժանդակութիւն Թուրքիոյ 50 միլիոն տոլար յատկացուց:

Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ 7.2 ուժգնութեամբ երկրաշարժի զոհերուն թիւը բարձրացած է 534-ի, իսկ վիրաւորներունը` 2300-ի` աւելցնելով, որ փլատակներուն տակէն 185 վերապրողներ դուրս բերուած են: Միւս կողմէ, 5.2 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը երէկ հարուածեց Կորճայքի շրջանը: Երկրաշարժի կեդրոններ Եիւքսեքովա գիւղին մօտակայ գիւղ մը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES