ՄՈԼՏԱՒԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԶԷՆՔ ՎԱՃԱՌԵԼՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԱԼԻԵՒԷՆ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԱԾ Է

Վլատ Ֆիլաթ

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի մէջ Մոլտաւիոյ դեսպան Իկոր Պոտիու յայտնած է, որ Մոլտաւիոյ վարչապետ Վլատ Ֆիլաթ Հայաստանին զէնք վաճառելուն համար Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւէն ներում հայցած է:

Դեսպանը նշած է, որ Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցած Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ Մոլտաւիոյ վարչապետը հանդիպում ունեցած է Ալիեւի հետ եւ ներում հայցած: Ան հաստատած է, որ  Մոլտաւիա երեք միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ սպառազինութիւն վաճառած է Հայաստանին` ընդգծելով, որ ատիկա սխալ քայլ էր:

«Հակառակ անոր որ Հայաստանին սպառազինութիւն վաճառելը արգիլուած չէ, սակայն դիւանագիտական տեսանկիւնէն ատիկա սխալ էր: Երկու պետութիւններն ալ ՎՈՒԱՄ-ի անդամներ են, եւ մենք յոյսով ենք, որ այդ փաստը որեւէ վնաս չի հասցներ երկկողմ յարաբերութիւններուն: Մոլտաւիոյ մէջ արդէն ստեղծուած է խորհրդարանական յանձնախումբ եւ Ապահովութեան խորհուրդի յանձնախումբ, որոնք կը զբաղին տուեալ միջադէպի հետաքննութեամբ», ըսած է դեսպանը:

Նշենք, որ շաբաթներ առաջ մամուլը յայտնած էր տեղեկութիւն այն մասին, որ Մոլտաւիա Հայաստանին վաճառած է 60 թոն սպառազինութիւն:

Share this Article
CATEGORIES