ՔԱՀԼ-Ի ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ 40-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Երէկ` ուրբաթ, 28 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 5:30-ին, ՔԱՀԼ-ի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՔԱՀԼ-ի մասնաւոր դասարաններու հանդէսը` նուիրուած կեդրոնի հիմնադրութեան 40-ամեակին:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ՔԱՀԼ-ի մասնաւոր դասարաններու տնօրէն Ռիթա Բարմաքսըզեան: Ան իր խօսքին սկզբնաւորութեան յայտնեց, թէ սոյն հանդիսութեան բացակայ է ՔԱՀԼ-ի տնօրէն Գէորգ Գարապոյաճեան, որ 4 ամիս առաջ առյաւէտ բաժնուած էր մեզմէ` աւելցնելով, որ ան շատ կը փափաքէր ներկայ ըլլալ կեդրոնի հիմնադրութեան 40-ամեակին: Ռիթա Բարմաքսըզեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց ՔԱՀԼ-ի 40-ամեայ պատմականը հաստատելով, որ 40 տարիներ առաջ յանդուգն կեցուածքով, յառաջապահ գաղափարներով եւ գիտելիքներով, յոյսով եւ կորովով զինուած սկսած են այս նուիրեալ առաքելութեան եւ մինչեւ օրս կը շարունակեն այդ աշխատանքը` փրկելով իրերայաջորդ սերունդներ:

Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ ՔԱՀԼ-ի նախկին տնօրէն Գէորգ Գարապոյաճեանի յիշատակին նուիրուած տեսաերիզ մը, որմէ ետք աշակերտներուն կողմէ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կը բովանդակէր երգ, ասմունք, թատրոն, նուագ եւ վկայութիւններ` նախկին շրջանաւարտ աշակերտէ եւ ծնողէ:

Աւարտին խօսք առաւ ՔԱՀԼ-ի խնամակալութեան ատենապետ վեր. Ռոպեր Սարգիսեան: Ան գնահատական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց ՔԱՀԼ-ի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան, պատմական ակնարկ մը նետեց ՔԱՀԼ-ի 40 տարիներու եւ հիացմունք յայտնեց ՔԱՀԼ-ի նախկին տնօրէն Գէորգ Գարապոյաճեանի իմաստալից խօսքերուն, բարեկամական մօտեցումին եւ գիտակից կեցուածքին գծով: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ Գէորգ Գարապոյաճեանին 40-ամեակին առիթով պատրաստած էր գնահատագիրներ բոլոր ուսուցիչներուն եւ մասնաւոր դասարաններու տնօրէնին, եւ բեմ հրաւիրելով զիրենք յանձնեց գնահատագիրները: Ան նաեւ յուշանուէր մը յանձնեց ՔԱՀԼ-ի մասնաւոր դասարաններու տնօրէն Ռիթա Բարմաքսըզեանի` 40 տարիներու իր անսակարկ նուիրումին համար:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան նկատել տուաւ, որ 40 տարիներու ծառայութեան ընդմէջէն մենք կը դիտենք հայ ժողովուրդի կեանքի հոլովոյթը, մեր առօրեայի կամ հաւաքական կեանքի զարգացումը եւ հոն կը տեսնենք բազմաթիւ իրականութիւններ:

«Իր 40-ամեայ վաստակով ՔԱՀԼ-ը այլ ցուցանիշ մըն է կազմակերպուած հաւաքականութիւն մը ըլլալու», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ աշխատանք մը ծառայութիւն կը նկատուի, երբ անոր մէջ նուիրում, սէր եւ աշխատանքի նկատմամբ յարգանք կայ: Ան օրինակ բերաւ Ռիթա Բարմաքսըզեանի անխոնջ նուիրումը եւ Գէորգ Գարապոյաճեանի ունեցած վաստակը` հաստատելով, որ անոնք գործին նկատմամբ ունեցած են սէր եւ հաւատք:

Առաջնորդ սրբազանը պահպանիչով փակեց հանդիսութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES