«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԴԻՄԷ ԻՐԼԱՆՏԱՑԻ ԻՐ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՋ` ԻՐԼԱՆՏԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ ԿՐԿՆԵԼՈՒ ԽՆԴՐԱՆՔՈՎ» Կ՛ԸՍԷ ԴԱԼԼԱՔԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ոչ կուսակցական պատգամաւոր Վիքթոր Դալլաքեան յայտարարեց, որ շատ հաւանաբար Հայաստանի վարչապետը իրլանտացի իր գործընկերոջ դիմէ` Իրլանտա – Հայաստան Եւրօ-2012-ի մրցումը կրկնելու խնդրանքով:
«Իրլանտա – Հայաստան մրցումին սկիզբը, Իրլանտայի նախագահը գլխաւոր իրաւարարին եւ մարզիկներուն մաղթեց արդար խաղ: Կամայ թէ ակամայ, ան այդ արդարութեան երաշխաւորը դարձաւ: Բոլորն ալ գիտեն, որ Հայաստանի այդ պարտութիւնը հիմնականին մէջ տեղի ունեցաւ իրաւարարին մեղքով: Ատիկա նկատի ունենալով` Հայաստանի ֆութպոլասէրները կրնան Եու. Է. Էֆ. Ա.ին դիմել, հիմնուելով Իրլանտայի նախագահին տուած երաշխիքներուն վրայ: Այս խնդիրին կրնայ նպաստել նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան` դիմելով Իրլանտայի իր գործընկերոջ` Պրայըն Քոընի: Հայաստան պէտք է ճատրակի նմանողութեամբ շարժումներ կատարէ ֆութպոլի մարզին մէջ` ապագային մեր հաւաքականը այդպիսի իրաւարարներուն անարդարութիւններէն փրկելու նպատակով», ըսաւ Դալլաքեան:

