ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԻՒՆ. ԱՓՐԻԿԵՑԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ԿԸ ՄԱՔՍԱՆԵՆԳՈՒԻՆ` ԱՐԻՒՆԱԼԻ ԾԻՍԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Միացեալ Նահանգներու համաձայն, դէպի Բրիտանիա մաքսանենգուած մանուկներուն մեծ մասը կու գայ Ուկանտայէն: Վերջին 4 տարիներուն շուրջ 9000 մանուկներ անհետացած են Ուկանտայէն:

ՎԵՐՋԻՆ 4 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒՆ ԱՌՆՈՒԱԶՆ 400 ԱՓՐԻԿԵՑԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ ԵՒ ՄԱՔՍԱՆԵՆԳՈՒԱԾ ԵՆ ԴԷՊԻ ԲՐԻՏԱՆԻԱ, ՈՒՐ ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԱԾ ԵՆ ԶԱՆՈՆՔ: ՅԱՅՏՆԻ ՉԷ, ԹԷ ԱՆՈՆՔ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԹԱՔՈՒՆ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԱԾ ԵՆ ԵՐԿԻՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»Ի ԼՐԱԳՐՈՂ ՔՐԻՍ ՌՈՃԸՐԶԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԵԱՆ ԱՀԱՒՈՐ ՊԱՏԿԵՐ ՄԸ` ՆԱԽԱՊԱՇԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒ, ՏԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻ ԽԱՌՆՈՒՐԴՈՎ:

Շուկաներու մէջ թերթիկներ բաժնելով կամ տեղական օրաթերթերու մէջ ծանուցումներ հրատարակելով` կախարդ-բժիշկներ եւ ափրիկեան աւանդութեամբ ոգեղէն բուժակներ հետզհետէ աւելի տիրական ներկայութիւն կը դառնան Բրիտանիոյ մէջ:

Անոնցմէ շատերուն կատարած աշխատանքը անվնաս է: Սակայն կարգ մը ապացոյցներ կը փաստեն, թէ ոմանք չարաշահութեան կ՛ենթարկեն Ափրիկէի մէջ իրենց ընտանիքներէն խլուած եւ գաղտնաբար Բրիտանիա բերուած մանուկներ:

Մանուկներու մաքսանենգութեան դէմ պայքարող «Էքփաթ» բարեսիրական կազմակերպութեան տնօրէն Քրիսթին Պետոյի համաձայն, այսպէս կոչուած ժուժու ծիսակատարութիւններուն մէջ մարդկային արեան նկատմամբ մշակութային արմատներ ունեցող հաւատք մը իր դերը ունի ափրիկեցի մանուկներ առեւանգելու երեւոյթին մէջ: Ժուժուի հաւատացողները կը կարծեն, թէ մարդկային զոհաբերութինը անհրաժեշտ է չար ոգիները հեռու պահելու համար:

«Մեր փորձառութիւնը մեզի կ՛ըսէ, թէ մաքսանենգներու շարքին են տարբեր անձեր. ուժի տէր մարդիկ, դրամի տէր մարդիկ, վհուկաբանութիւն կիրարկող մարդիկ», կը բացատրէ ան:

«Մաքսանենգներու շարքին են կախարդ-բժիշկներ եւ այլ մասնագիտութեամբ անձեր, որոնք կ՛օգտագործեն նման ծիսակատարութիւններ», կ՛աւելցնէ ան:

ԲԻՐՏ ԵՒ ՍՏՈՐՆԱՑՆՈՂ

«Էքփաթ»ի կողմէ ներկայացուած թիւեր, ինչպէս նաեւ Մեթրոփոլիթըն ոստիկանութեան եւ մանուկներու չարաշահութեան եւ համացանցի վրայ անոնց պաշտպանութեան կեդրոն` «Քէոփ»ի կողմէ պատրաստուած տեղեկագիրներ ցոյց կու տան, թէ առնուազն 400 ափրիկեցի մանուկներ առեւանգուած եւ մաքսանենգուած են դէպի Բրիտանիա, ուր փրկուած են բրիտանական իշխանութիւններուն կողմէ:

Նման մանուկներու կողմէ տրուած բազմաթիւ վկայութիւններէ ի յայտ կու գայ, թէ երբ անոնք Բրիտանիա կը հասնին, կ՛ենթարկուին շատ բիրտ եւ ստորնացնող վերաբերումի: Յաճախ բռնի կերպով կը հանուի անոնց արիւնը, որ կը վաճառուի արեամբ ծիսակատարութիւններ պահանջող յաճախորդներու:

Զոհերէն ոմանք իրենց փորձառութիւններուն մասին պատմած են` խնդրելով անանուն մնալ, որովհետեւ կը շարունակեն վախնալ զիրենք չարաշահող անձերէն:

Մանչ մը կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս կախարդ-բժիշկներ առած են իր արիւնը` նման ծէսերու մէջ օգտագործելու համար. «Մաքսանենգները կամ կախարդ-բժիշկները կը կտրեն մազերդ, թեւերդ, ոտքերդ, գլուխդ, սեռային գործարաններդ եւ արիւն կը հաւաքեն: Եթէ այս մասին խօսիս, կը սպաննենք, կ՛ըսեն»:

Առանց գիտնալու, թէ «Պի. Պի. Սի.»ի լրագրող Քրիս Ռոճըրզ գաղտնաբար կը ձայնագրէր եւ կը նկարէր իրենց խօսակցութիւնը, Եունըս Քապուլ կը նկարագրէ, թէ ինչպէ՛ս մանուկներ կը հայթայթէ իր յաճախորդներուն:

Այլ զոհ մը` աղջնակ մը, վախով կ՛ըսէ. «Կախարդ-բժիշկը ըսաւ, որ օր մը պէտք պիտի ըլլայ գլուխս կտրել»:

«Երբեմն կ՛արթննայի եւ կը տեսնէի, որ դանակը ձեռքին կանգնած էր գլխուս վերեւ: Ամէն գիշեր սարսափահար կը սպասէի, որ գլուխս պիտի կտրէր», կը յիշէ ան:

Նիկերիայէն աղջիկ մը համոզուած է, թէ իր վրայ կատարուած ծէսերուն պատճառով ինք չի կրնար մատնանշել զինք մաքսանենգած անձերը` վախնալով, որ իր ընտանիքը կրնայ մեռնիլ:

«Ինծի ըսին, թէ չար էի եւ իմ պատճառովս վատ բաներ կը պատահէին: Հաւատացի, թէ ասիկա իմ պատիժս էր, եւ թէ` այս տեսակի կեանք մը պէտք էր ապրէի», կ՛ըսէ ան:

Ուկանտայի մէջ շատեր կը թլփատեն իրենց մանչերը եւ կը ծակեն իրենց աղջիկ զաւակներուն ականջը, որովհետեւ այս ձեւով անոնք «անբիծ» չեն նկատուիր կախարդ-բժիշկներու կողմէ եւ չեն առեւանգուիր:

Երկիրը տակաւին կը տառապի տասնամեակներ տեւած քաղաքացիական պատերազմի մը յիշողութեամբ: Այդ տարիներուն ըմբոստներու բանակը մանուկներ կ՛առեւանգէր եւ կը զինէր, որպէսզի կռուին:

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԵԱՄԲ ԾԻՍԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կախարդ-բժիշկներ կամ աւանդական ոգեղէն բուժակներ, ինչպէս կը նախընտրեն կոչուիլ անոնք, հետզհետէ աւելի տիրական ներկայութիւն կը դառնան Բրիտանիոյ մէջ:

Շատեր կը խոստանան «կեանքը շրջող ծիսակատարութիւններ», որոնց կ՛ընկերակցին աղօթքներ եւ բոյսեր: Անոնք կը պահանջեն մինչեւ 350 փաունտի այցեգին մը:

Սակայն ոմանք կը կիրարկեն շատ աւելի վտանգաւոր ծէսեր:

Իբրեւ նիւթական դժուարութիւններէ տառապող անձ` այցելեցի 10 կախարդ-բժիշկներու: Բոլորն ալ յանձնարարեցին բուսական շիճուկներ` վերջ դնելու համար դրամական իմ մտահոգութիւններուս: Սակայն ոմանք նաեւ առաջարկեցին ծիսակատարութիւն մը, որուն մէջ կը գործածուէր մարդկային արիւնը:

Թէեւ որեւէ փաստ չկայ, թէ այս կախարդ-բժիշկները անձամբ դերակատար էին մանուկներուն մաքսանենգութեան եւ չարաշահութեան մէջ, սակայն անոնց կիրարկած ծէսերը կը նպաստէին առեւանգումի եւ չարաշահութեան ահաւոր երեւոյթին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, դէպի Բրիտանիա մաքսանենգուած մանուկներուն մեծ մասը կու գայ Ուկանտայէն: Վերջին 4 տարիներուն շուրջ 9000 մանուկներ անհետացած են Ուկանտայէն:

Անդրադարձայ, թէ որքան դիւրին էր մանուկ մը ձեռք ձգելը, երբ իբրեւ բրիտանացի մաքսանենգող ծպտուած` օգնութիւն փնտռեցի Ուկանտայի մայրաքաղաք Քամփալայի սրճարաններուն եւ գինետուներուն ստորերկրեայ աշխարհին մէջ:

Գիւղացիներ կ՛այցելեն այն վայրը, ուր կտրուած էր 18 տարեկան Ռոպինայի վիզը: Անոնք կը վախնան, թէ այլ մանուկներ եւս կրնան առեւանգուիլ արիւնալի ծիսակատարութիւններու համար: Ռոպինա այժմ թաղուած է իր ծնողքին հիւղակին քով:

Բանտային պատիժի ենթարկուած եւ ինքզինք բարելաւելով ազատ արձակուած ոճրագործ մը 250 տոլար գանձելով` զիս ծանօթացուց Եունըս Քապուլի, որ հպարտութեամբ ըսաւ, թէ տարիներէ ի վեր մանուկներ կ՛առեւանգէր Ափրիկէի մէջ, կախարդ-բժիշկներու համար:

Մեր խօսակցութեան ընթացքին ան առաջարկեց ապահովել քանի մանուկ որ կը ցանկայի ունենալ:

«Բաւարար թիւով մանուկներ ունիմ. հարիւր հատ: Հարց չկայ: Մեծ թիւով կապեր ունիմ: Ցանց մը ունիմ ամբողջ Ուկանտայի տարածքին», ըսաւ ան:

Քապուլ հանդիպում մը դասաւորեց առանձնացած պանդոկի մը մէջ: Առանց գիտնալու, թէ խօսակցութիւնը կը ձայնագրուէր եւ կը նկարուէր, ան նկարագրեց, թէ ինչպէ՛ս մանուկներ ձեռք կը ձգէր իր յաճախորդներուն համար:

«Ամէն ինչ կախեալ է անկէ, թէ մէկը ինչպէ՛ս կ՛ուզէ տիրանալ մանուկի մը: Կրնամ քեզ առաջնորդել մանուկի մը ընտանիքին քով, ոչ մէկ դժուարութիւն ունիմ պաշտօնական միջոցներով մանուկ մը բերելու, կայ նաեւ գաղտնի միջոց մը` առեւանգել մանուկ մը», կ՛ըսէ ան:

Հարց տուի, թէ արդեօք ոստիկանութիւնը որեւէ հարց կը յարուցէ՞ր:

«Պէտք է գտնեմ բնակարան մը, ուր կրնանք տանիլ մեր ապրանքը, այսինքն` մանուկները: Բնակարանը պէտք է գտնուի հեռաւոր վայրի մը մէջ, որպէսզի ոստիկանութիւնը չգտնէ զանոնք», կը բացատրէ ան:

Քապուլ 15,600 տոլար պահանջեց իւրաքանչիւր մանուկի համար, եւ ես հրաժարեցայ բանակցութիւններէն:

Ուկանտայի մէջ Մարդկային զոհաբերումի դէմ պայքարող ոստիկանութեան գլխաւոր պատասխանատուն` Պինոյա Մոզըզ կ՛ընդունի, թէ հարց մը գոյութիւն ունի: «Չենք ժխտեր, թէ մանուկներ կը տարուին արտասահման: Ցարդ չունինք կարողութիւնը հսկողութեան տակ պահելու իւրաքանչիւր անձ, եւ շատեր պարզապէս կ՛անհետանան», կ՛ըսէ ան:

Իսկ Բրիտանիոյ մէջ, հակառակ բազմաթիւ զոհերու վկայութիւններուն, ժուժուի ուժին նկատմամբ մշակութային հաւատքը մեծ մարտահրաւէր մըն է իշխանութիւններուն համար:

Բարձրաստիճան գաղտնի ոստիկան մը կ՛ըսէ, թէ հարցը մասամբ արդիւնք է հարցին շուրջ տիրող լռութեան:

«Մինչ ժուժուն լայն տարածում գտած հաւատալիք մըն է, անդին` հազուադէպօրէն այս մասին կը խօսուի հրապարակաւ: Մարդիկ կը կարծեն, թէ նոյնիսկ ժուժուի մասին խօսիլը կրնայ պատճառ դառնալ, որ վատ բան մը պատահի իրենց», կ՛ըսէ Մեթրոփոլիթըն ոստիկանութեան Մարդկային չարաշահութեան եւ կազմակերպուած ոճիրի դէմ պայքարող բաժանմունքին ղեկավարը` Ռիչըրտ Մարթին:

«Ասիկա հսկայական դժուարութիւններ կը ստեղծէ ոստիկանութեան համար, երբ կը ստիպուինք հետաքննել այս ոճիրները եւ յանցագործները ենթարկել իրաւական հետապնդումի», կ՛ըսէ ան:

 

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄԱՀԱՑՈՒԹԵԱՆ ԱՄՕԹԸ

ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՆԵՐ Կ՛ԱՀԱԶԱՆԳԵՆ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ ԿԱՄ ԼՔՈՒԱԾ ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ: ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ԲՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆԱՑԱԾ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՍՈՒՐ Է ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ: «ԷՎՐԻ ՉԱՅԼՏ ՄԵԹԸՐԶ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ԲԱՐՕՐՈՒԹԵԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ՓՈԽՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՄԱՅՔԸԼ ՓԸԹԻԹ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՏԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ:

Վերջին 10 տարիներուն աւելի քան 20 հազար ամերիկացի մանուկներ սպաննուած են իրենց տուներուն մէջ, ընտանիքի անդամներու կողմէ: Ասիկա գրեթէ քառապատիկն է Իրաքի եւ Աֆղանիստանի մէջ սպաննուած ամերիկացի զինուորներու թիւին:

Միացեալ Նահանգներու տարածքին մանուկներու նկատմամբ վատ վերաբերումին պատճառած մահուան համեմատութիւնը Քանատայի մէջ արձանագրուած թիւին եռապատիկն է, իսկ Իտալիոյ մէջ արձանագրուած թիւին` 11 անգամը: Ամէն տարի միլիոնաւոր մանուկներ կ՛ենթարկուին չարաշահութեան եւ կը լքուին: Ինչո՞ւ:

ՈԼՈՐԱՊՏՈՅՏ` ԴԷՊԻ ԱՆԴՈՒՆԴ

Պատճառներէն մէկը այն է, թէ պատանի տարիքի յղութիւնը, երկրորդական ուսումը կէս ձգելը, բիրտ ոճիրները, բանտարկութիւնը եւ աղքատութիւնը, որոնք բոլորն ալ չարաշահութեան եւ լքուածութեան հետ առնչուած ազդակներ են, ընդհանրապէս շատ աւելի բարձր համեմատութիւններ կը կազմեն Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Աւելի՛ն. հարուստ այլ երկիրներ կը կիրարկեն ընկերային քաղաքականութիւններ, որոնք կ՛ապահովեն մանուկներու հոգածութիւն, առողջապահական ընդհանուր ապահովագրութիւն, նախադպրոցական տարիքի մանուկներու հոգատարութիւն, նոր ծննդաբերած աշխատող ծնողներու վճարովի երկար արձակուրդ եւ այցելու հիւանդապահներ` բոլորին:

Ի տարբերութիւն, երբ Միացեալ Նահանգներու մէջ մանուկ մը կը ծնի անչափահաս ծնողներէ, որոնք անկարող են զայն խնամելու, ընկերային ապահովութեան տեղական ցանցեր ի վիճակի չեն օգնութիւն ցուցաբերելու անոնց կամ արդէն գոյութին չունին: Հետեւաբար անոնք չեն կրնար փարատել այն լարուածութիւնը, որուն պէտք է տոկայ նման մանուկ մը իր տան մէջ:

Ամէնէն ծանր կացութիւններուն մէջ կը նախատեսուի դէպի անդունդ գլորուող ոլորապտոյտ մը, եւ մանուկը կը մեռնի: Նման պայմաններու մէջ մեռնող մանուկներուն շուրջ 75 առ հարիւրը 4 տարեկանէն վար է, իսկ անոնց գրեթէ կէսը` մէկ տարեկանէն վար:

Աշխարհագրական վայրը մեծ դեր ունի մանուկի մը բարօրութեան մէջ:

Պահ մը բաղդատենք Թեքսասի եւ Վըրմոնթի օրինակները:

Թեքսաս հպարտ է իբրեւ ցած տուրքերով եւ սակաւաթիւ սպասարկութիւններով նահանգ մը: Անհատական եկամուտի իր պատկերով անիկա միջակ է` բաղդատած ամերիկեան այլ նահանգներու, իսկ տուրքերու իր բեռով, այսինքն` ինքն իր վրայ տուրքեր սահմանելու կամեցողութեամբ, կը դասուի գրեթէ վերջին նահանգներուն շարքին:

Ի տարբերութիւն` Վըրմոնթ կը գտնուի միւս ծայրայեղութեան վրայ: Անիկա բարձր տուրքերով եւ առաջնակարգ սպասարկութիւններով յատկանշուած նահանգ մըն է:

ՎՏԱՆԳՆԵՐՈՒ ԽԱՌՆՈՒՐԴ ՄԸ

Երբ կը փնտռենք մանուկներու բարօրութեան ցուցանիշները, կը տեսնենք, թէ Վըրմոնթի բաղդատած` Թեքսասի մէջ կրկնապատիկ է հաւանականութիւնը, որ մանուկներ կէս ձգեն երկրորդական ուսումը: Հաւանականութիւնը քառապատիկ է, որ անոնք ապահովագրութիւն չունենան, կամ` բանտարկուին: Չարաշահութեան եւ լքուածութեան պատճառով մահացութեան հաւանականութիւնը եւս կրկնապատիկ է:

Թեքսասի նահանգը 2007-ին ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով 6.25 միլիառ տոլար ծախսած է` մանուկներու չարաշահութեան կամ լքուածութեան հետագայ անդրադարձները դիմակալելու համար: 2011-ին նման երեւոյթներու կանխարգիլման եւ կանուխ միջամտութեան համար սահմանուած էր 0.05 միլիառ տոլարի պիւտճէ մը:

Թեքսասի մէջ շարք մը պայմաններու մէկտեղումը վտանգաւոր կացութիւններ կը ստեղծէ մանուկներու համար: Նման պայմաններու շարքին են աղքատութեան բարձր համեմատութիւնը, փոքրամասնութիւններու մէջ մանուկներու թիւին բարձր համեմատութիւնները, ցած մակարդակի ուսումը, ինչպէս նաեւ` քաղաքական մշակոյթ մը, որ նեղ հայեցակէտով կը դիտէ պետութեան դերը` ընկերային հարցեր դիմագրաւելու մէջ:

Հետեւաբար հաւանական է, որ Թեքսաս աւանդաբար պահպանողական այլ նահանգներու պէս նուազագոյն օգնութիւն ցուցաբերէ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ նուազ արդիւնաւէտ պաշտպանութիւն ցուցաբերէ չարաշահութեան ենթարկուած մանուկներուն:

Երկու նահանգներուն միջեւ մեծ տարբերութիւնները մտածել կու տան դաշնակցային աւելի ընդարձակ դերի մը մասին:

Արդեօք Միացեալ Նահանգներու տարածքին Թեքսասի մանուկները միա՞կն են, որոնք կարիքը ունին հաւասար առիթներու եւ պաշտպանութեան:

ԱՅՊԱՆԵԼԻ ԵՆ ԾՆՈՂՆԵ՞ՐԸ

Կարիքը կայ ազգային քաղաքականութեան մը, զոր պէտք է մշակէ եւ կիրարկէ ազգային պետութիւնը: Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը պէտք է մշակէ օրինագիծ մը եւ ստեղծէ մանուկներու չարաշահութեան եւ լքուածութեան պատճառով մահացութիւնը կանխարգիլող ազգային յանձնաժողով մը:

Մէկ տարեկանէն վար մանուկները կը կազմէին 2009-ին մահացած մանուկներուն 75 առ հարիւրին կէսը:

Մանուկներու վերաբերող ոչ մէկ ծրագիր պէտք է կրճատուի դաշնակցային կամ նահանգային կառավարութիւններու կողմէ: Մանուկները պատասխանատու չեն Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան քայքայումին: Տնտեսական կարճատես քաղաքականութիւն է եւ բարոյապէս ճիշդ չէ վարուիլ այնպէս, որ անոնք վճարեն տնտեսութիւնը վերականգնելու գինը:

Սակայն փոխարէնը` Միացեալ Նահանգներու տնտեսութիւնը ետ կը մնայ, չքաւոր մանուկներու թիւը կը բարձրանայ եւ նահանգային կառավարութիւններ միլիառաւոր տոլար կը կրճատեն մանուկներու յատուկ սպասարկութիւններէն: Այս ձեւով շատ աւելի կը լարուի Ամերիկայի արդէն տկար ապահովական ցանցը:

Ասիկա անխուսափելիօրէն կը նշանակէ, թէ աւելի մեծ թիւով մանուկներ պիտի մեռնին: Դիւրին պիտի ըլլար մեղադրել ծնողները եւ մանուկներու պաշտպանութեան համար աշխատող արդէն ծանրաբեռնուած պաշտօնեաները: Սակայն դիւրին պատասխանները չեն լուծեր բարդ հարցերը:

Եւ մինչ միլիոնաւոր մանուկներ կը վիրաւորուին եւ հազարաւոր ուրիշներ կը սպաննուին, այս հարցը պիտի մնայ տիրական եւ արժանի` աւելի լայն հակազդեցութեան:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES