ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍԻՈՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ
6-10 մարտ 2011-ին Ասիոյ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ընդհանուր յանձնաժողովը իր ժողովը գումարեց Զանքմայի մէջ (Թայլանտ): Ժողովին իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, որ ներկաներուն փոխանցեց Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյններն ու յաջողութեան բարեմաղթութիւնները, ապա ներկայացուց հայ եկեղեցին եւ իրանահայ համայնքը:
Ժողովին ներկայացուեցան Հաւատք, առաքելութիւն եւ միութիւն եւ Միջեկեղեցական կազմաւորում միաւորներուն գործունէութեան զեկուցումները: Ընդհանուր յանձնաժողովը նաեւ քննարկեց վարչական եւ տնտեսական միաւորներու յաւելեալ աշխուժացման օրակարգերը:
Ժողովական աշխատանքներուն առընթեր, Սեպուհ սրբազան հանդիպում ունեցաւ Ասիոյ եկեղեցիներու համաժողովի ընդհանուր քարտուղար վեր. դոկտ. Հենրիեթ Հութապաթ Լեպանգի հետ:
Յայտնենք, որ Ասիոյ քրիստոնեայ եկեղեցիներու համաժողովին կ՛անդամակցին Ասիոյ 22 երկիրներու եկեղեցիները: Համաժողովը կազմուած է 1957-ին եւ երախտարժան գործ կը կատարէ Ասիոյ եկեղեցիներու յարաբերութիւններու սերտացման եւ միացեալ գործակցութեան բնագաւառին մէջ: 2010-ի ապրիլին, Արամ Ա. կաթողիկոսի հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը համաժողովին անդամակցեցաւ Իրանի իր երեք թեմերուն միջոցով: