ՆԱԶԱՐԵԱՆ. «ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՆՈՐ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ»
ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 3-րդ կոմիտէի 37-րդ հանդիպման օրակարգի «ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունք» եւ «Ցեղապաշտութեան, ցեղային խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան այլ ձեւերու վերացում» կէտերով 31 հոկտեմբերին ելոյթ ունեցաւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան, որ նշեց, թէ Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին նկատմամբ ոտնձգութիւնները պատճառ դարձան աւերածութիւններու, տեղահանումներու ու նախայարձակումի, եւ այսօր ալ Հայաստանի եւ առհասարակ հայերուն նկատմամբ ատելութիւն քարոզելով` Ազրպէյճան կը պատրաստուի նոր պատերազմի:
Յղումներ կատարելով ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի միջազգային ատեաններու զեկուցումներուն` դեսպանը ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Պաքուի կողմէ հայատեացութիւնը իբրեւ պետական քարոզչութիւն հռչակելու փաստերուն: Կարէն Նազարեան նշեց, որ այդ անընդունելի վարքագիծը քողարկելու համար Ազրպէյճան կը շարունակէ շրջանառութեան մէջ դնել կեղծիքներ, սուտեր բովանդակող յայտարարութիւններ, ելոյթներ եւ նամակներ: Նազարեան նաեւ ընդգծեց, որ ցեղային խտրականութեան դրսեւորումները եւ ձեւերը կը վտանգեն վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման հոլովոյթը, հետեւաբար կը վնասեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին:


