ԸՍՏ ՆԱԽԱՐԱՐ ՕՀԱՆԵԱՆԻ ԶՕՐ. ԵՈՒՐԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐՈՎԻ ՊԱՇՏՕՆԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐԵՐԸ ԱՆՀԻՄՆ ԵՆ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ Հայաստանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Եուրի Խաչատուրովի պաշտօնանկութեան մասին լուրերը անհիմն են:

Ան վստահեցուց, որ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայ կազմը պիտի պահուի եւ բոլորը պիտի շարունակեն իրենց պարտականութիւնները կատարել:

Ըստ «Երկիր» օրաթերթին, զօր. Եուրի Խաչատուրովի պաշտօնանկութեան մասին լուրերը վերջին շրջանին շրջանառութեան մէջ դրուած էին: Որոշ լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններուն համաձայն, այդ ճակատագիրը կը սպառնայ նաեւ պաշտպանութեան նախարարին:

Share this Article
CATEGORIES