ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 2011-Ի ՄԱՐԱԹՈՆ. ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ` ԿԻՐԱԿԻ, 6 ՆՈՅԵՄԲԵՐ

Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբը լիբանանեան մարզական մամուլին ընդմէջէն լիբանանցիներուն եկաւ յիշեցնելու, որ Պէյրութի 2011-ի միջազգային մարաթոնին մասնակցելու համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է կիրակի, 6 նոյեմբերը:

Թէեւ մարաթոնը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 27 նոյեմբերին, սակայն 6 նոյեմբերին արձանագրութիւնները վերջնականապէս պիտի դադրին:

Այս առիթով Մարաթոնի յանձնախումբը յիշեցուց, որ հետեւեալ վայրերուն մէջ տեղի կ՛ունենան արձանագրութիւնները. «Պլոմ» դրամատան բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ, «Ա. Պէ. Սէ.» (Էշրեֆիէ), «Վըրճըն Մեկասթոր»ի բոլոր մասնաճիւղերը, «Սիթի մոլ» (Տորա), «Մայք սփոր» (Զալքա) եւ Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբին գրասենեակները (Հազմիէ):

Առաջին անգամ 2003-ին սկսած Պէյրութի այս միջազգային մարաթոնը հետզհետէ միջազգային ճանաչում կը շահի եւ անոր մասնակցողներուն թիւը միշտ աճ կ՛արձանագրէ:

Անոր մասնակցելով` Լիբանանի բոլոր համայնքներն ու յարանուանութիւնները այդ օր` մոռնալով իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները, կը վազեն իբրեւ մէկ ժողովուրդ:

Փափաքելի է, որ հայ մասնակցողներուն թիւը եւս ըլլայ մեծաթիւ այս մարաթոնին ընթացքին` նախորդ տարիներուն նման:

Share this Article
CATEGORIES