Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. – ԼԻԲԱՆԱՆԻ 27-ՐԴ ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՌԵԼԻ. ՌՈԺԷ ՖԸՂԱԼԻ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 27-րդ գարնանային ռելին, որ Լիբանանի ռելիի ախոյեանութեան առաջին հանգրուանն է:
Ժեզզինի մէջ տեղի ունեցած այս ռելիին տիտղոսին տիրացաւ Ռոժէ Ֆըղալի (Միթսուպիշի Լենսըր), որ իր օգնականին` Ժոզեֆ Մաթարի հետ արձանագրեց 29 վայրկեան եւ 36″ արդիւնք մը` 250,91 քմ երկարութիւն ունեցող այս ռելիին:
2-րդ դիրքը գրաւեց Նիքոլա Ճիորճիօ, որ իր օգնականին` Քրիսթօ Քրակի հետ (Էսթոնիա) արձանագրեց 31′ 9″ արդիւնք մը: Երրորդ հանդիսացաւ Ժիլպեր Պաննութ, որ Քեթի Տուրուսոյի հետ (Ֆրանսա) արձանագրեց 31′ 31″ արդիւնք մը:
Նշենք, որ 19 ինքնաշարժներէն 17-ն յաջողեցան հասնիլ ժամանման գիծ:
CATEGORIES Մարզական