«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ԵՆԹԱՐԿԵԼ ՈՒԺԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ԴԱՒԻԹ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի պետական-իրաւական յանձնախումբի նախագահ Դաւիթ Յարութիւնեան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է զօրաշարժի ենթարկել ուժերը` հաշուի առնելով, որ բաւական «թեժ քաղաքական պայքար» կը սպասուի:
Ան չհամաձայնեցաւ այն դիտարկումին հետ, որ Յովիկ Աբրահամեան հրաժարական տուած է ոչ թէ Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական արշաւը ղեկավարելու համար, այլ` ներիշխանական հակասութիւններու իբրեւ արդիւնք: Դաւիթ Յարութիւնեան համոզում յայտնեց, որ այսպիսի հակասութիւններու պարագային նախընտրական արշաւ չեն ղեկավարեր:
Նշենք, որ Յովիկ Աբրահամեան իր հրաժարականը Ազգային ժողովին պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ 14 նոյեմբերին, իսկ արդէն 21 նոյեմբերին պիտի քննարկուի Ազգային ժողովի նախագահի նոր թեկնածուի հարցը:
Ըստ Դաւիթ Յարութիւնեանի, այս պահուն որեւէ թեկնածուի հարց չի քննարկուիր` հաշուի առնելով նաեւ այն փաստը, որ այդ տեղը տակաւին թափուր չէ:
Ինչ կը վերաբերի իր թեկնածութեան, Դ. Յարութիւնեան նշեց, որ ատիկա երբեք իր նախասիրութիւններուն մաս չի կազմեր: Ան նշեց, որ այդ պաշտօնով չէ հետաքրքրուած:
Ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան յայտնեց, որ Յովիկ Աբրահամեանը նշանակելով Հանրապետական կուսակցութեան նախընտրական արշաւի պետ, նախագահ Սերժ Սարգսեան «ուղղակի զերոյի վերածեց» Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի վերադարձի հաւանականութիւնը:
Ըստ անոր, պէտք է նկատել, որ հիմնականին մէջ հրաժարական կու տան այնպիսի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնք այս կամ այն ձեւով կասկածելի են կամ կը մեղադրուին թերեւս անհիմն կամ հիմնաւոր կերպով, երկրորդ նախագահի խումբին նկատմամբ առնուազն հաւատարիմ ըլլալու կամ հարելու մէջ: Ս. Սաֆարեան յայտնեց, որ ասիկա Ռոպերթ Քոչարեանի վերադարձի առիթները ուղղակի զերոյի վերածող քայլ է: Ըստ անոր, Քոչարեան չի կրնար ժողովրդական ալիքի վրայ վերադառնալ, անոր կը մնայ պարզապէս պալատական յեղաշրջումը: Հիմա կարելի է ըսել, որ զայն զրկած են այսպիսի բոլոր կարելիութիւններէն: Ան նշեց, որ այս պահուն իշխանութեան խումբը կը գտնուի հաւատարմութիւններու ստուգման հանգրուանին մէջ:

