ԱԿՆԱՐԿ. ՊԱՏԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՃԻՇԴ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒՄԸ ԵՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ԽՈՇՈՐԱՑՈՅՑԻ ԽՆԴԻՐԸ

Պուրճ Համուտի հայկական թաղամասերուն մէջ որոշ տարրերու յառաջացուցած խռովարարութիւնները հերթական եւ սովորական հունէն դուրս եկան եւ անմիջապէս արժանացան տեղական, շրջանային եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան: Հարցին էութիւնը հանգամանօրէն բացատրուած է արդէն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի տեղեկատու գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ:

Անհրաժեշտ է լրատուական հարթութեան վրայ քանի մը դիտարկում արձանագրել: Նախ, անակնկալ չէր, թերեւս նոյնիսկ նախատեսելի, որ լիբանանեան կողմեր եւ լրատուամիջոցներ մեկնաբանական անդրադարձներ կատարէին պատահարներուն` հարցերը կապելով ներսուրիական իրադարձութիւններուն, հայկական կողմին վերագրելով պատուէրակատարի դերակատարութիւն: Աւելի՛ն. տեղահանուած-տեղահանողի հրապարակային ծանր ամբաստանութիւնները կու գային մտածել տալու, որ քաղաքական սուր քննադատութիւնը լիբանանեան եւ սուրիական սահմաններէն անդին հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներու միջեւ լարուածութիւն յառաջացնելու կը միտէր:

Ահա ա՛յս կէտն էր  փաստօրէն, որ կը բանար թրքական լրատուադաշտին ախորժակները խոշորացոյցները կեդրոնացնելու հայ-քիւրտ այսպէս ըսուած ընդհարումներուն վրայ: Ճիշդ այդ օրերուն զուգահեռ Թուրքիոյ մէջ սուր կերպով կը քննադատուէին պաշտօնական մօտեցումներուն մէջ շարունակաբար երեւցող միաժամանակ հայատեացութեան եւ քրտատեացութեան մօտեցումներն ու շեշտուած վարքագիծերը: Կը ձերբակալուէին ծագումով քիւրտ հրատարակիչ եւ բազմաթիւ առիթներով հայկական հարցերուն զօրավիգ կանգնող Ռակըպ Զարաքողլուն եւ իր որդին: Մինչ, Տիգրանակերտի քիւրտ քաղաքապետը Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ բացման եւ առաջին Ս. պատարագին առիթով հայ ժողովուրդին կը յորդորէր վերադառնալ իրենց պատկանող հողերը…:

Ահա նման մթնոլորտի մէջ էր, որ կենցաղային հողի վրայ եւ զուտ թաղային պարունակի մէջ արձանագրուած պատահարները կը ստանային այն տարողութիւնը, որուն ականատես եղանք: Չէ բացառուած անշուշտ, որ հարցի շահարկումն ու գերքաղաքական մեկնաբանութիւնները տակաւին ծաւալին, հակառակ ճշդումներուն, հերքումներուն եւ լուսաբանումներուն:

Հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներուն միջեւ սեպ խրելու, հակասութիւններ յառաջացնելու եւ այդ հակասութիւններուն վրայ քաղաքական խաղերով զբաղելու թրքական վարքագիծը նոր չէ: Ակնկալելի է, որ իւրաքանչիւր հերթական պատահար նման շարժառիթներով լրատուական շրջանառութեան մէջ դրուի թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ:

Խնդիրներէն կարեւորագոյնը, որ կը դիմագրաւենք, հայկական լրատուադաշտին ներքաշումն է թրքական քարոզչական ծուղակին: Տեղեկատուական տրամաբանութեան հետ հաշտ չ՛ընթանար այն երեւոյթը, որ հայկական լրատուամիջոցներ նախ եւ առաջ շատ արագ, առանց վերապահութիւն նշելու, առաջնային տեղ յատկացնեն թրքական ապատեղեկատուական արտադրանքին: Պէտք է միաժամանակ արձանագրել, որ հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ  փորձառութենէ մեկնած դիմեցին լիբանանահայ աղբիւրներու` ներկայացուածներուն ճշգրտութիւնը ստուգելու համար:

Չէ բացառուած, որ թրքական լրատուամիջոցները շարունակեն նման պատահարներու եւ անկէ բխած կացութիւններու մեկնաբանութիւնները կատարել պղտոր շարժառիթներէ մեկնած: Ապատեղեկատուութեան մէջ չներքաշուիլը, առարկայական լրատուութիւն կատարելը լրագրական ասպարէզի տարրական սկզբունքներուն մաս կը կազմեն: Հայկականի պարագային, այս բոլորին առընթեր մենք կը դիմագրաւենք նաեւ հայկական թիրախներ խփելու թրքական քարոզչական գործողութիւնները չէզոքացնելու հիմնական խնդիրը:

«Ա.»

 

Share this Article
CATEGORIES