ԱՂՈՒԱՆ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ
Ըստ լեհական «Կազեթա Վիպորչզա» պարբերաթերթին, տեղւոյն կազմերէն Լոց ակումբին մաս կազմող հայրենի միջնապահ Աղուան Պապիկեան հրաւիրուած է Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքական` իր մասնակցութիւնը բերելու 11 եւ 15 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Եւրոպայի 2013-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, որոնց ընթացքին Հայաստան յաջորդաբար պիտի մրցի Չեխիոյ եւ Կալեսի դէմ:
Նշենք, որ 18 տարեկան Պապիկեանի ներկայութեամբ եւ օգնութեամբ, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու հաւաքականը Եւրոպայի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց:
CATEGORIES Մարզական

