ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՖԷՅՆՇԹԱՅՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՃԱՆՉՆԱԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Քալիֆորնիայի ներկայացուցիչ ծերակուտական Տայանա Ֆէյնշթայն Թուրքիոյ կոչ ուղղեց ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ «որոշ հատուցում» տրամադրելու այն ողբերգութիւններուն համար, զորս ապրած են հայերը:
Ծերակուտականը այս յայտարարութիւնը կատարեց Մոնթեպելլոյի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին ծաղկեպսակ զետեղելու արարողութեան ընթացքին:
Ծերակուտականին դիմաւորեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ հայ եկեղեցւոյ եւ ամերիկահայ համայնքի ղեկավարները, որոնց շարքին` Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Արեւմտեան շրջանի գրասենեակի ներկայացուցիչները եւ շարք մը գործիչներ:
Ծաղկեպսակ զետեղելու հանդիսաւոր արարողութենէն ետք ծերակուտական Ֆէյնշթայն զրուցեց հաւաքուածներուն հետ, ոչ պաշտօնական քննարկումներ տեղի ունեցան ամերիկահայ համայնքի առաջնահերթութիւններուն շուրջ:


