ՃԱՏՐԱԿ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՂԱՔԸ ՅԱՂԹԵՑԻՆ ԱՒՍՏՐԻՈՅ (3,5-0,5). ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑԻՆ ՉԵԽԻՈՅ ՀԵՏ (2-2)
Երէկ` հինգշաբթի, Փորթօ Վերրայի մէջ (Յունաստան) սկսան Եւրոպայի ճատրակի տղոց եւ աղջկանց խմբային ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի հանդիպումները:
Հայաստանի տղոց հաւաքականը տպաւորիչ յաղթանակով սկսաւ իր մրցումները, երբ 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Աւստրիան: Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ Սերկէյ Մովսիսեան` հաւասարութիւն:
Բ. հանգրուանին, այսօր, Հայաստան կը մրցի Ազրպէյճանի դէմ, որ երէկ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իտալիան:
Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին, անիկա բաւական մեծ դժուարութեամբ, 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Չեխիոյ հետ, երբ չորրորդ եւ վերջին մրցումին Էլինա Դանիէլեան 128-րդ շարժումին պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Չեխիան: Լիլիթ Կալոյեան եւ Մարիա Քուրսովա կէսական կէտ ապահովեցին Հայաստանի, մինչ Լիլիթ Կալոյեան անակնկալ պարտութիւն մը կրեց:
Այսօր, Բ. հանգրուանին, Հայաստան կը մրցի Խրուաթիոյ դէմ, որ երէկ 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ Լեհաստանէն:


