ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Դեսպան Քոչարեան եւ Արամ Ա. կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 3 նոյեմբեր 2011-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան այցելութիւն տուաւ Անթիլիասի մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն նոր վերադարձած ըլլալով` դեսպան Քոչարեան բարի վերադարձ մաղթեց վեհափառին, միաժամանակ լայն տեղեկութիւններ ստանալով անկէ` Արեւմտեան ափին վրայ ապրող մեծաթիւ հայ գաղութի կեանքին ու անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:

Հանդիպման առանցքը կազմեց Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց ներկայ հանգրուանը եւ զայն զարգացնելու կարելիութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES