ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԹՈՒՆՈՒԶՑԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑԵԼՈՒ

Հիլըրի Քլինթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն վստահեցուց, որ Ուաշինկթըն պատրաստ է համագործակցելու թունուզեան խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած իսլամականներուն հետ` նշելով, որ «իսլամականները բոլորը նոյնը չեն»:

Քլինթըն Ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան կեդրոնին` «Էն.Տի.Այ.»ի մէջ արտասանած իր  խօսքին մէջ շեշտեց, որ «Զարթօնք կուսակցութեան պաշտօնատարները պէտք է աշխարհիկ կուսակցութիւնները համոզեն իրենց հետ գործակցելու»` վստահեցնելով, որ իր երկիրն ալ անոնց հետ պիտի գործակցի:

Քլինթըն ըսաւ, որ «Զարթօնք կուսակցութիւնը խոստացաւ կրօնական ազատութիւններն ու կիներու իրաւունքները յարգել»` նշելով, որ «աշխարհի մէջ իսլամական ուղղուածութեամբ շարք մը կուսակցութիւններ բնականաբար ժողովրդավարական խաղին կը մասնակցին»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց, որ «այն գաղափարը, թէ յանձնառու իսլամները չեն կրնար ժողովրդավարութեան մէջ բարգաւաճիլ, պարզապէս վարկաբեկիչ եւ սխալ գաղափար մըն է»:

Քլինթըն նշեց այն արժեչափերը, զորս ժողովրդավարութիւնը յարգող որեւէ կուսակցութիւն պէտք է յարգէ. բռնութեան մերժում, օրէնքի իշխանութեան պետութեան մաս կազմել, ազատութիւններու յարգում, կիներու եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքներու յարգում, ընտրական պարտութեան սկզբունքը ընդունիլ եւ մերժել կրօնական լարուածութիւնները:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ «Արաբական գարնան» զօրակցիլ, հակառակ անոր որ ներկայ փոխանցման հոլովոյթները «մշուշոտ» են: Ան աւելցուց, որ «այսօր կու գանք հաստատելու, որ իսկական ընտրանքը բարեկարգումներու եւ խռովարարութեանց միջեւ է»: Քլինթըն ըսաւ, որ ինք կը գիտակցի, թէ արաբ ժողովուրդները Միացեալ Նահանգներուն նկատմամբ «կասկած» ունին` աւելցնելով, որ «տարիներէ ի վեր բռնատէրերը իրենց ժողովուրդներուն կ՛ըսէին, որ զգուշանալով ծայրայեղականներէն պէտք է զիրենք ընդունին: Եւ յաճախ մենք եւս այդ տրամաբանութիւնը կ՛ընդունէինք»:

Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ 2011-ին տեղի ունեցած զարգացումները աւելի քան կենսական կը դարձնեն պաղեստինցիներուն եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղութեան հաստատումը: «Այս տարի երկու կողմերուն միջեւ խաղաղութեան հաստատման ջանքերուն առկախումը կարճատեսութիւն է», ընդգծեց Քլինթըն:

Ան ըսաւ, որ Օպամայի վարչակազմը «հակառակ բոլոր ձախողութիւններուն, աշխատանք կը տանի օր մը այդ խաղաղութեան հասնելու»: Քլինթըն շեշտեց, որ Ուաշինկթըն պիտի հակադարձէ բռնատէրերու կամ ժողովրդավարութեանց կողմէ շրջանային խաղաղութեան դէմ սպառնալիքներուն:

Share this Article
CATEGORIES