ՃԱՏՐԱԿ- ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ԵՒ ԳՐԱՒԵՑ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԸ

Երէկուան մրցումէն

Յունաստանի Փորթօ Քարրաս քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` հինգշաբթի, 10 նոյեմբերին, կատարուեցան 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումները:

Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականը, 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Հոլանտայի, գրաւեց դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

Երէկուան այս մրցումին, Լեւոն Արոնեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ Սերկէյ Մովսիսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան` հաւասարութիւն:

Ինչ կը վերաբերի պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ազրպէյճանի, անիկա 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Գերմանիայէն, նահանջեց 3-րդ դիրք:

Գերմանիա, որ բարձրացաւ 2-րդ դիրք, այսօր` ուրբաթ, 11 նոյեմբերի վերջին հանգրուանի մրցումին պիտի ըլլայ Հայաստանի մրցակիցը:

Եթէ հայրենի կազմը այսօր եւս յաղթանակ արձանագրէ պիտի հանդիսանայ Եւրոպայի ախոյեան: Ազրպէյճան պիտի մրցի Ռումանիոյ դէմ:

Եթէ պատահի, որ վերոնշեալ երկու մրցումներն ալ աւարտին հաւասարութեամբ, Հայաստան դարձեա՛լ պիտի հանդիսանայ ախոյեան:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի աղջկանց հաւաքականին, անիկա 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սերպիոյ, բարձրացաւ 6-րդ դիրք:

Լիլիթ Մկրտչեան եւ Մարիա Քուրսովա յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ Էլինա Դանիէլեան արձանագրեց հաւասարութիւն մը: Լիլիթ Կալոյեան միակն ըլլալով պարտուեցաւ:

9-րդ եւ վերջին հանգրուանին, այսօր Հայաստան պիտի մրցի Լեհաստանի դէմ:

Ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ ցարդ անպարտելի Ռուսիա:

 

Share this Article
CATEGORIES