ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ – ԹԱՏԱՄՈՆ ՊԷՅՐՈՒԹ
Այսօր` ուրբաթ, 11 նոյեմբերին կը սկսի Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանը, երբ տեղի կ՛ունենան վեց մրցումներ:
Ա. հանգրուանի մրցումները կը շարունակուին շաբաթ եւ կիրակի օր` երեքական մրցումով:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը տարեշրջանի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Թատամոն Պէյրութի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 2:15-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի առաջին իսկ մրցումէն ապահովել տարեշրջանի առաջին երեք կէտը:
Նշենք, որ խումբին մարզիչն է Սեպուհ Պապիկեան, իսկ օգնական մարզիչը` Յակոբ Տեմիրճեան:
Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբին այս տարեշրջանի կազմը.
ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Յարութ Սարգիս, Արսէն Տէր Մաթէոսեան եւ Ալի Համմուտ:
ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Վարդան Պոյաճեան, Ալեք Ալաճեան, Անթոնի Զէյտեն, Դաւիթ Պէրպէրեան, Օմար Հալապի, Գէորգ Գումաշեան եւ Վարդան Գոշոյեան:
ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Ներսէս Պէրպէրեան, Մհեր Պէրպէրեան, Գրիգոր Ալոզեան, Ճոնի Գոնճեան, Տիգրան Վարդան, Սարգիս Ազնաւուրեան եւ Եահիա Զաղլուլ:
ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Յակոբ Տօնապետեան, Սարգիս Ապաճեան, Նժդեհ Գազեզեան, Սերժ Մելիքեան եւ Ահմետ Իթանի:

