ՅԱՒԵՐԺ ԸՆԿԵՐՆԵՐ (Յ. ԳԱՐԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

Պայծառ հոգի մը, հաւատարիմ ընկեր մը, հաւատաւոր հայ մը, ազնուութեան տիպար օրինակ մը, ահաւասիկ այս է, որ ի վերջոյ կորսնցուցինք բոլորս` ի դէմս Յարութին, որմէ հրաժեշտ առնելու ծանր պահն է հիմա:

Կորսնցուցինք խիզախ մարդ մը,  բառին բուն իմաստով` հերոս մը, որ երբեք չընկճուեցաւ իր մարմինը հարուածող հիւանդութեան ծանրութեան տակ, այլ ընդհակառակը, ինք յոյս եւ կորով ներշնչեց բոլորին` յիշեցնելով Աստուծոյ կամքին հնազանդ մնալու իր հաւատամքը:

Կորսնցուցինք մշտապէս ժպտուն եւ մշտապէս ուրախ մեր ընկերը, որ կրցաւ իր ժպիտին տակ նրբօրէն քողարկել իր արցունքներն ու ցաւը, որպէսզի վիշտ ու ցաւ չպատճառէ ոեւէ մէկուն, որպէսզի իր ցաւին պատճառով չմթագնի ոեւէ հոգի:

Ցաւեցաւ ան տարիներով, բայց միշտ խօսեցաւ կեանքի գեղեցկութեան եւ բարիքներուն մասին: Մահուան գերանդիի շուքին տակ ան ապրեցաւ կեանքի գեղեցկութիւնը` անմեղ մանուկի մը անմիջականութեամբ, հասուն մարդու մը խոր գիտակցութեամբ: Արդեօք մեզի պէ՞տք էր այս կորուստը, մեր աչքերուն առջեւ երկարած այս տառապանքը, որպէսզի տեսնէինք, որպէսզի հասկնայինք ու համոզուէինք, որ մարդ կրնայ մնալ կենսուրախ եւ խորապէս յուսալից` իր մարմնին մէջ մահացու ախտ մը երկար ժամանակ կրելով հանդերձ: Յարութը այդ մարդուն օրինակը եղաւ ամբողջ քաղաքի մը աչքերուն առջեւ:

Պիտի կարօտնանք, արդէն իսկ կը կարօտնանք այս մեծ մարդը, որ եղաւ ծայրայեղօրէն համեստ` իր յարաբերութիւններուն մէջ, որ եղաւ անկեղծ ու անմիջական ընկեր,  բարիք գործող եւ բարին կամեցող` բոլորին համար: Պիտի կարօտնանք, արդէն իսկ կը կարօտնանք մեր ղուրպան ընկերը, տառապանքի սեղանին նահատակուած այս լոյս տղան, որ եղաւ հաշտարար հոգի մը` ընկերական խռովութիւններու ժամանակ, եղաւ մեր ընկերակիցը` արուեստի կեանքին մէջ եւ մշտական ներշնչող մը` աշխատասիրութեան, գեղեցկութեան, բարութեան, ներողամտութեան եւ յարգանքի:

Մեր ընկերը որքան որ փափուկ եւ զգայուն հոգի ունէր, ունէր նաեւ նոյնքան պինդ կամք եւ անկոտրում հաւատք: Երբ տակաւին երկու օր առաջ հեռաձայնեցինք իրեն` որպիսութիւնը հարցնելու`«լաւ եմ» ըսաւ:  Ու վստահ եմ, որ չէր խաբեր ան. Վստահ եմ, որ ամենավերջին վայրկեանին անգամ ան յուսաց, որ պիտի ապրի, որ դարձեալ դուրս պիտի գայ հիւանդանոցի իր սենեակէն, պիտի քալէ Պուրճ Համուտի փողոցներէն` բարեւելով ընկերներն ու ծանօթները, ժպտելով  հովին ու արեւին, եւ ողջունելով կեանքը, որուն սիրահարն էր ան իր էութեան ամբողջ խորքով:

Սիրելի՛ ընկեր, սիրելի՛ Յարութ, երբեք պիտի չգիտնաս, թէ որքան դասեր տուած կը հեռանաս մեզմէ ու այս աշխարհէն.

տանջուած մարմնիդ առջեւ կու գանք ըսելու այն, ինչ որ միշտ զգացինք քեզի հանդէպ, բայց որ յաճախ ալ զլացանք ըսել բառերով. կը սիրէինք քեզ, երբ մեր մէջ էիր, բայց նաեւ` հիմա, երբ ֆիզիքապէս ա՛լ չկաս արդէն. պիտի կարօտնանք քեզ, արդէն իսկ կը կարօտնանք, ինչպէս կը կարօտնայինք ամէն անգամ, երբ հանդիպելէ ետք ցտեսութիւն կ՛ըսէիր ու  փողոցին անկիւնը կը դառնայիր` տունդ մտնելու: Այլեւս պիտի չտեսնենք քեզ ո՛չ ընկերական շրջապատին մէջ  եւ ո՛չ ալ դրացնութեան, բայց դուն միշտ ներկայ պիտի ըլլաս մեր հոգիներուն մէջ: Վստահ եմ, որ երկար ժամանակ պիտի պահանջէ, որ հաշտուինք քու կորուստիդ, որ համոզուինք, որ այլեւս զուր է սպասել, թէ որեւիցէ օր կը հանդիպինք որեւէ փողոցի դարձուածքին: Ատկէ ետք, սակայն, ես շատ կ’ուզեմ, որ քեզ յիշենք աւելի ուրախ քան թէ տխուր առիթներով, որովհետեւ դուն պիտի ուզէիր, որ այդպէս ըլլայ, որ մեր հոգիներուն մէջ ապրի ժպտուն, կենսուրախ եւ ապրող Յարութը, ինչպէս որ քեզ ճանչցանք միշտ: Այդպէս ալ պիտի ըլլայ, սիրելի ընկեր. պիտի յիշենք քեզ` յիշելով քու բարութիւնդ, պիտի պատուենք քեզ` պատմելով քու բարութեանդ մասին եւ պիտի մեծարենք քեզ ոչ թէ տառապանքիդ, այլ քաջութեանդ ու հաւատքիդ մեծութեան համար:

Սիրելի՛ Յարութ, գիտեմ, որ պիտի չուզէիր, որ տխրինք հիմա, երբ հրաժեշտ կու տանք քեզի. հրաժեշտը անհրաժեշտ է, որ կարողանանք կրկին հանդիպիլ. իսկ որ պիտի հանդիպինք, ատիկա վեր է կասկածէ եւ յստակ է շատ, քանի որ ինչպէս ընկերներ էինք այս կեանքին մէջ, մենք` քու ընկերներդ, պիտի ուզէինք, որ մեզի ընկեր ընդունիս նաեւ այն կեանքին մէջ: Ցաւդ վերջացաւ, սիրելի՛ ընկեր, հողը թեթեւ գայ տանջուած մարմինիդ:

ԸՆԿԵՐՆԵՐ

 

Share this Article
CATEGORIES