ՃԱՏՐԱԿ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ ԱՒԱՐՏԵՑ 4-ՐԴ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
Երէկ` ուրբաթ, 11 նոյեմբերին, Փորթօ Քարրասի մէջ (Յունաստան) աւարտեցաւ Եւրոպայի ճատրակի խմբային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Նախքան այս հանգրուանը, պարագլուխի դիրքը 13 կէտով կը գրաւէր Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը: Հայրենի կազմը, որ վերջին հանգրուանին իրեն մրցակից ունէր Գերմանիան, յաղթանակի մը կարիքը ունէր` տիտղոսին տիրանալու համար: Սակայն պատահեցաւ հակառակը եւ Հայաստան 2,5-1,5 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով մրցաշարքը աւարտեց 4-րդ դիրքին վրայ:
Գերմանիա 15 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ ախոյեան, մինչ անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Ազրպէյճան (14 կէտ) եւ Հունգարիա (13 կէտ):
Սերկէյ Մովսիսեան միակն ըլլալով պարտութիւն կրեց, մինչ Լեւոն Արոնեան Վլատիմիր Յակոբեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստան 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով Լեհաստանի հետ մրցաշարքը աւարտեց 6-րդ դիրքին վրայ (10 կէտով):
Տիտղոսին տիրացաւ Ռուսիա (15 կէտ), որ մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան: Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Լեհաստան (13 կէտ) եւ Ուքրանիա (12 կէտ):


