ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ. ԱՆԳԼԻԱ ՅԱՂԹԵՑ ՍՊԱՆԻՈՅ` 1-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ
Շաբաթ, 12 նոյեմբերին, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Անգլիա «Ուեմպլի»-ի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիան:
Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ 87 հազար համակիրներու ներկայութեան, աւարտեցաւ դաշտին տէրերուն յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Մրցումին եւ Անգլիոյ որբ կոլը գլուխով նշանակեց Ֆրանք Լամփար (49-րդ): Ան իր նշանակած կոլէն վեց վայրկեան ետք փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Բարեկամական մրցում մը ըլլալով` երկու խումբերն ալ վեցական մարզիկի փոփոխութիւն կատարեցին:
Երկու կազմերն ալ դաշտ ներկայացած էին իրենց հիմնական մարզիկներով, որոնցմէ ոմանք սակայն փոխարինուեցան Բ. կիսախաղին:
Սպանիոյ կազմէն Ա. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ բերդապահ Իքեր Քասիաս, իսկ Բ. կիսախաղին` Խոսէ Ռէյնա:
CATEGORIES Մարզական


