ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՇԱՆՎԻԼ ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԷՅՐՈՒԹԸ` 123-94 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ, երբ տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Պէյրութ – Շանվիլ ճակատումը` «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):
Շանվիլ ծանր պարտութեան մատնեց դաշտին տէրերը` արձանագրելով 123-94 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած երկու այլ ճակատումները տուին հետեւեալ արդիւնքները. Մութթահետ – Պիպլոս` 99-81 եւ Պաժժէ – Հաուշ Ումարա` 81-77:
Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ 7-րդ հանգրուանի բացման մրցումը, որուն ընթացքին Ռիատի Պէյրութ Ղազիրի դաշտին վրայ 89-64 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաժես Պէյրութը:
CATEGORIES Մարզական


