ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԺԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՀԱԿԱՕԴԱՅԻՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ

Քազզաֆիի ընդդիմադիրները կը յառաջանան Իսա Ալ Խալիֆա թագաւորը

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի  աւագ խորհրդական Հանրի Կուենօ յայտնեց, որ Լիպիոյ մէջ միջազգային միջամտութիւնը հաւանական է, որ «որոշ ժամանակ» եւս տեւէ: Ան նշեց, որ իրերայաջորդ երկու գիշեր տեղի ունեցած օդային հարուածները անդամալուծեցին Լիպիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը, արգելք հանդիսացան Քազզաֆիի ուժերուն յառաջխաղացքին, սակայն վերջ չտուին քաղաքայիններու դէմ անոնց յարձակումներուն: Կիրակի գիշեր «Քրուզ» տիպի հրթիռ մը հարուածեց Քազզաֆիի բնակած համալիրը, իսկ ռմբաձիգներ չէզոքացուցին դէպի Պենկազի յառաջացող հրասայլեր:

Միջազգային ուժերու միջամտութենէն ետք Քազզաֆիի ուժերը դադրեցուցին դիմադրութիւնը եւ ըմբոստ ուժեր անարգել յառաջացան մինչեւ Աժտապիա: Քազզաֆիի ուժերը քաղաքը առին օղակի մը մէջ եւ սկսան բախում ունենալ յառաջացող ըմբոստ ուժերուն հետ: Բախումներ ծայր առին նաեւ արեւմտեան Լիպիոյ մէջ ըմբոստներուն հակակշիռին տակ գտնուող վերջին քաղաքին` Միսրաթայի մէջ:

Միւս կողմէ, Լիպիոյ դէմ յարձակումին ընդդիմացողներու զայրացած ամբոխ մը յարձակում գործեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի դէմ, երբ ան Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի կեդրոնական հրապարակին մէջ ելոյթ կ՛ունենար: Յարձակումին մասնակցեցան շուրջ 50 անձեր: Պան Քի Մուն փրկուեցաւ շնորհիւ ոստիկանութեան միջամտութեան: Ան չվիրաւորուեցաւ, այլ պահուըտեցաւ Արաբական լիկայի գրասենեակին մէջ:

Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին դատապարտեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի Լիպիոյ վերաբերող որոշումը` զայն անուանելով «վնասակար», եւ յայտարարեց, որ փաստաթուղթը խաչակիրներու միջնադարեան  արշաւանքները կը յիշեցնէ: «Անվտանգութեան խորհուրդի այդ բանաձեւը փաստացիօրէն թոյլ կու տայ ներխուժել ինքնավար պետութիւն», ըսաւ ան: Ըստ Փութինի, տարբեր պետութիւններու տագնապներուն միջամտելու Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը կայուն սովորութիւն կը դառնայ եւ չունի ո՛չ խիղճ, ո՛չ ալ տրամաբանութիւն: Ան նշեց, որ Լիպիոյ վարչակարգը չի համապատասխաներ ժողովրդավարութեան արեւմտեան չափանիշերուն, սակայն ոչ ոք իրաւունք ունի միջամտելու այդ երկրին ներքին գործերուն:

Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ հակազդելով իր վարչապետին յայտարարութեան ըսաւ, որ անոր «խաչակիրներու արշաւանքներու» ակնարկը անընդունելի է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Եգիպտոսի մէջ Ամր Մուսայի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ «Լիպիոյ ժողովուրդը եւ ոչ ուրիշ մէկը պէտք է ճշդէ (Լիպիոյ մէջ) յառաջիկայ զարգացումներուն ընթացքը»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա` մեղմացնելով իր մէկ օր առաջուան քննադատութիւնը, յայտարարեց, որ «կը յարգենք Ապահովութեան խորհուրդի որոշումը եւ այդ որոշումին հետ որեւէ հարց չունինք, մասնաւորաբար, որ ան կը հաստատէ, որ լիպիական հողամասերու ներխուժում կամ բռնագրաւում պիտի չըլլայ»: Ան նշեց, որ ՄԱԿ-ի որոշումը Պենկազիի եւ Լիպիոյ այլ շրջաններու քաղաքայիններուն անվտանգութեան կը վերաբերի եւ Արաբական լիկան աշխատանք կը տանի քաղաքայինները պաշտպանելու:

 

Share this Article
CATEGORIES