ԱԹԱՋԱՆԵԱՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԽՆԴԻՐԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՓՈՐՁԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԵՏ
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վասիլի Աթաջանեան երէկ ընդունեց «Ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդ» ռազմավարական կեդրոնի` Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով գիտաշխատող Ուէյն Մերին:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ հանդիպման ընթացքին Վասիլի Աթաջանեան հիւրին ներկայացուց ղարաբաղեան խնդիրի խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ պաշտօնական Ստեփանակերտի դիրքորոշումը եւ մօտեցումները:
Միտքերու փոխանակման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ զինուորական գործողութիւններու վերսկսման վտանգի կանխարգիլման ուղիներուն, ինչպէս նաեւ հակամարտող կողմերուն միջեւ հաշտութեան մթնոլորտի ձեւաւորման անհրաժեշտութեան: Վասիլի Աթաջանեան եւ Ուէյն Մերի քննարկեցին նաեւ Հարաւային Կովկասի առնչուող երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

