ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՆԵՐԸ ՉԱՐԴԱՐԱՑՈՒՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՎՐԱՅ ԴՐՈՒԱԾ ՅՈՅՍԵՐԸ
Նախորդ շաբաթավերջին, Ֆրանսայի մէջ աւարտեցան աշխարհի ծանրաբարձութեան տղոց եւ աղջկանց ախոյեանութեան մրցումները:
«Արմսփոր» կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի պատուիրակութիւնը, որ տասը մարզիկով մեկնած էր Ֆրանսա, ոչինչ յաջողեցաւ իրագործել հոն` նկատի ունենալով, որ հայրենի ծանրաբարձները չարդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը:
Միայն 77 քկ դասակարգին մէջ փոքր պրոնզ մետալի մը տիրացաւ Տիգրան Մարտիրոսեան, որ բարձրացուց 166 քկ:
Աղջկանց գերծանր կշիռի մրցումներուն, Հռիփսիմէ Խուրշուտեան ոչ միայն չյաջողեցաւ մետալի մը տիրանալ, այլեւ ծանրօրէն վիրաւորեց իր ձեռքը: Կ՛ակնկալուի, որ քննութիւններուն արդիւնքը ըլլայ դրական եւ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ ան վերադառնայ մրցասպարէզ:
Հայաստանի զոյգ հաւաքականներուն այս ձախողութիւնը եւ հայրենի ծանրաբարձներուն արձանագրած ձախող արդիւնքները բնականաբար ընդունելի չեն, մանաւանդ յառաջիկայ տարի անոնք իրենց դիմաց ունին Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիական խաղերը:
Կ՛ակնկալուի, որ այդ ձախողութեան դարմանը շուտով գտնուի, որպէսզի անոնք նոյն այդ արդիւնքը չարձանագրեն Անգլիոյ մէջ:


