2011-Ի ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ. ՍՈՒՐԻԱ ՊՈՅՔՈԹԻ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿԷ ԽԱՂԵՐԸ Կ՛ԸՍԷ ՍԱՆԱ

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիա պոյքոթի պիտի ենթարկէ յառաջիկայ 9-23 դեկտեմբերին Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք 2011-ի Արաբական խաղերը` առ ի բողոք Սուրիոյ դէմ Արաբական լիկայի որդեգրուած որոշումին, ըստ որուն կ՛առկախուի անոր անդամակցութիւնը լիկային:

Նախքան այս լուրին հրապարակումը, Քաթար ըսած էր, որ սուրիացի աթլեթներուն դէմ ոչ մէկ արգելք դրուած է այս խաղերուն մասնակցելու գծով:

Կ՛ակնկալուի, որ շուրջ 6 հազար աթլեթներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Արաբական խաղերուն, որոնք կ՛ընդգրկեն ֆութպոլ, լողարշաւ, աթլեթիզմ, մարմնամարզանք եւ այլն:

Share this Article
CATEGORIES