«ԱՐՑԱԽ ՖՈՆՏ» «ՀԱՅԵՐԸ` ՄՌԱՒԻՑ ԱՐԱՔՍ» ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Թաթուլ Յակոբեան կը ներկայացնէ ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման ընթացքը

Կազմակերպութեամբ «Արցախ ֆոնտ»-ին, երէկ` երեքշաբթի, 15 նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայերը` Մռաւից Արաքս» տեղեկատուական ժապաւէնի ցուցադրութիւն եւ «Արցախի ազատագրուած շրջաններու վերաբնակեցման ընթացքը» նիւթով զրոյց` հայրենի լրագրող եւ «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանի հետ:

«Արցախ ֆոնտ»-ի անունով խօսք առաւ Զաքար Քէշիշեան, որ յայտնեց, թէ ներկայացուելիք վաւերագրական ժապաւէնը «Արցախ ֆոնտ»-ին նախաձեռնութեամբ իրականութիւն դարձած է, եւ այդ ժապաւէնին պատրաստութեան նպատակն էր յստակացնել, թէ Արցախի այս վայրերուն մէջ, ուր գործունէութիւն կը ծաւալէ «Արցախ ֆոնտ»-ը` «Նոր յոյս, նոր կեանք» ծրագիրով, ինչպիսի՛ վիճակի մէջ կ՛ապրին մարդիկ:

Իր կարգին, Թաթուլ Յակոբեան խօսք առնելով նկատել տուաւ, որ ժապաւէնը նկարուած է ձմրան եղանակին եւ որոշ տեսարաններ չկան մէջը, որովհետեւ ամէն կողմ ձիւն է: Ան կարճ բացատրութիւններ տուաւ ժապաւէնին մէջ ցուցադրուած շրջաններուն մասին, որոնք կ՛երկարէին Մռաւ լեռէն մինչեւ Արաքս:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Հայերը` Մռաւից Արաքս» ժապաւէնը, որուն տեւողութիւնը 45 վայրկեան էր: Ժապաւէնը ազատագրուած տարածքներուն մէջ բնակութիւն հաստատած հայերու մասին էր, որոնք ամէնօրեայ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Հոն ներկայացուած է, թէ ի՞նչ պատահած է իրենց, ինչո՞ւ եւ ե՞րբ եկած են այդ վայրերը, ի՞նչ ակնկալիքներ ունին եւ այլն: Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է նաեւ այն, ինչ որ կը գտնուի այդ տարածքներուն մէջ, ճշմարտութեամբ եւ ճշգրտութեամբ, առանց որեւէ բան ծածկելու եւ առանց զայն գեղեցկացնելու: Պէտք է նշել, որ շատ բան կայ ընելիք այդ շրջաններուն մէջ, որովհետեւ բնակիչները կ՛ապրին աննախանձելի վիճակի մէջ. անոնք աղքատ են, սակայն իրենց հայրենասէր ըլլալուն շնորհիւ այդ բոլոր դժուարութիւնները յանձն առնելով այդ շրջաններուն մէջ կ՛ապրին:

Share this Article
CATEGORIES