ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԶԵՄ ԽՈՒՐԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ իր ստանձնած նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց Լիբանանի մէջ Վատիկանի բարեսիրական ծրագիրի նախագահ կարտինալ Ռոպեր Սարան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիայի:
Կարտինալ Սարա հանրապետութեան նախագահին փոխանցեց Պենետիկտոս ԺԶ. պապին ողջոյններն ու աղօթքները` Լիբանանի բարօրութեան, քաղաքացիներուն անվտանգութեան եւ երկրին կայունութեան համար:
Հանրապետութեան նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալոկերոփուլոս` Պէյրութի մէջ իր դիւանագիտական պարտականութեան աւարտին առիթով:
Լիբանանեան-յունական երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդման առաքելութեան մէջ իր ունեցած նպաստին առիթով` նախագահ Սլէյման Քալոկերոփուլոսը պարգեւատրեց Մայրիներու բարձրագոյն սպայի աստիճանի ազգային շքանշանով: