ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ. ԳՈՐԾԻ ՄԷՋ ՀՈԳ ԿԸ ՏԱՆԻՄ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆՍ
Մարմնի ցաւ, սրունքի ցաւ, ծակծկուող աչքեր, գլխու ցաւ, գերզգայնութիւն… Գործի տեսակը մեծ դեր կը խաղայ նման ցաւերու պարագային: Այսուհանդերձ, ասոնցմէ շատեր լուծում եւ դարման ունին, ահաւասի՛կ ինչպէս.
1
Ոտքի աշխատանքը
Ոտքի վրայ երկար ժամեր աշխատողներուն 80 առ հարիւրը կը տառապի սրունքի ցաւէ եւ ծանրութենէ, որ գլխաւորաբար հետեւանք է արեան ոչ լաւ շրջագայութեան: Այս ցաւերուն ենթակայ են առաւելաբար հիւանդապահուհիները, վարսայարդարները, վաճառատուներու մէջ ծախողները եւ այլն…
Յանձնարարելի է, որ ձեր բժիշկին հաւանութեամբ կրէք բժշկական յատուկ գուլպաներ, որոնք թէ՛ կանխարգիլող եւ թէ՛ դարմանող յատկութիւններ ունին:
2
Նստակեաց աշխատանքը
Նստակեաց աշխատանքը, յատկապէս համակարգիչին առջեւ կռնակի, ուսի եւ դաստակի տեսակաւոր ցաւեր կը պատճառէ:
Նման կացութեան մատնուած անձերը պէտք է յատուկ բծախնդրութեամբ ընտրեն իրենց գործի աթոռը:
Միւս կողմէ, համակարգիչին ստեղնաշարը պէտք է որ սեղանին եզերքէն առնուազն 10 սմ ներսով ըլլայ, նոյնպէս ալ` մկնիկը:
Սեղանին տակ, աթոռակ մը կ՛օգնէ, որպէսզի ոտքերը մնայուն կախուած չմնան: Կիսով բարձրացած ոտքերը կ՛օգնեն արեան լաւ շրջագայութեան:
Որպէս օգտակար մարզանք` կարելի է թենիսի գնդակ մը դնել ներբանին տակ եւ զայն ետ ու առաջ շարժել:
3
Համակարգիչին դիմաց
Երկար ժամեր համակարգիչին դիմաց աշխատողները ենթակայ են գլխու ցաւի, անոնց աչքերը կը յոգնին, կը կարմրին եւ կը ծակծկուին:
Որպէսզի համակարգիչին պաստառը այս անպատեհութիւնները չստեղծէ, թելադրելի է, որ պաստառին վերի մասը հաւասարի աչքերու մակարդակին, իսկ պաստառ -աչք հեռաւորութիւնը 50-90 սմ. միջեւ ըլլայ, երբեք 40-էն պակաս:
Թելադրելի է նաեւ, որ պաստառին տիրական գոյնը բաց գոյնի ըլլայ, խուսափիլ սեւ կամ մութ կապոյտ գոյներէն:
Պաստառին առջեւ մեր աչքերը 5 անգամ նուազ կը թարթենք, այս պատճառով ալ աչքին խոնաւութիւն պարգեւող արցունքի բարակ շերտ կը ցնդի առանց վերանորոգուելու: Ասիկա պատճառ կ՛ըլլայ, որ մեր աչքերը այրին: Ահա թէ ինչո՛ւ պէտք է յաճախ աչքերը թարթելու յաւելեալ ճիգ թափել:
Համակարգիչի դիմաց երկար ժամեր աշխատող անձերը պէտք է տարին անգամ մը ակնաբուժին այցելեն եւ ընդհանուր քննութենէ անցնին:
4
Ծանր բեռներ
Ոմանց աշխատանքը կ՛ենթադրէ ծանր բեռներ տեղափոխել, շալկել, հրել եւ այլն…
5 քիլոն անցնող որեւէ ծանրութիւն վերցնելու պարագային, պէտք է զոյգ ծունկերը ծալած ծռիլ եւ բեռը շալկել` խնայելու համար ողնայարը:
Աւելի ծանր ապրանքներու պարագային, զանոնք քանի մը անգամով տեղափոխել, ի հարկին օգնական մը պահանջել: Կարելի է մինչեւ իսկ հաստատութեան բժիշկին կամ ընտանիքի բժիշկին դիմել, որպէսզի միջամտէ եւ ձեզի խնայուի այդ գործը:
ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
ԵՐԲ ՆՈՐ ԳՈՐԾԻ ԿԸ ԴԻՄԵՆՔ
Երբ նոր գործի կը դիմենք, անխուսափելիօրէն հարցազրոյց կ՛ունենանք եւ կը հարցաքննուինք հաստատութեան գործատիրոջ, տնօրէնին կամ անոր մէկ ներկայացուցիչին կողմէ: Այդ հարցազրոյցը չափազանց կարեւոր է, տրուած ըլլալով, որ անկէ կախեալ է գործի ընդունուելու կամ մերժուելու վճիռը:
Գործի ընդունուելու հարցազոյցը կ՛ենթադրէ պողպատեայ ջիղեր, ինքնավստահութիւն, արթնամտութիւն, պատրաստաբանութիւն եւ շատ բաներ… Մինչդեռ դիմողներուն մեծամասնութիւնը կը շփոթի, կը կարմրի, կը պապանձի. քիչեր կը պահեն իրենց պաղարիւնութիւնը եւ կը տպաւորեն դիմացինը:
Հոգեբան եւ հոգեբուժ Ժաք-Անթուան Մալարվից հետեւեալ յանձնարարութիւնները կը կատարէ բոլոր անոնց, որոնք կը պատրաստուին այս ձեւի հարցաքննութեան մը:
1
Նախօրօք պատաստեցէք ձեր «մուտք»ը:
Տունը քալելու, նստելու, ժպտելու փորձ կատարեցէք: Ձեր շարժումները կտրուկ եւ անճարակ թող չըլլան, ոչ ալ` դանդաղ ու թոյլ:
Աթոռին վրայ նստելու փորձ, կատարեցէք: Ո՛չ աթոռին ծայրամասին նստէք եւ ո՛չ ալ բազկաթոռին մէջ թաղուեցէք:
2
Փորձառուի մը օգնութեան դիմեցէք:
Փորձառու անձէ մը խնդրեցէ՛ք, որպէսզի ձեզի զանազան հարցումներ ուղղէ, իսկ դուք ջանացէք այդ հարցումներուն պատասխանել բարձրաձայն, յստակօրէն եւ մաքուր լեզուով:
Պատրաստ եղէք ամէն տեսակի հարցումներու, որպէսզի հոն շփոթի չմատնուիք, քանի որ հարցաքննողը այլազան հարցումներու ճամբով պիտի փորձէ «չափել» ձեր մտքին ջիղերուն եւ յուզական աշխարհին «տոկունութիւնը»:
3
Խնամեցէք ձեր արտաքին տեսքը:
Ո՛չ շուկայ եւ ո՛չ ալ պարահանդէսի գացողի երեւոյթ ունեցէք: Եղէք զուսպ եւ վայելուչ` ձեր հագուածքով եւ շպարով: Կրնանք մինչեւ իսկ օր մը առաջ հաստատութեան գործէ արձակման ժամուն հեռուէն դիտել` գաղափար մը կազմելու համար պաշտօնեաներու ընդհանուր հագուածքին, սանտրուածքին, արդուզարդին մասին:
4
Եղէք բնական
Չափազանց ինքնավստահ, պոռոտախօս անձերը հաճելի չեն թուիր: Պէտք է չափերը պահել գիտնալ եւ համեստութեան սահմանները չանցնել:
Ահա թէ ինչո՛ւ նման հարցազրոյցներու ընթացքին գործի դիմողէն կը պահանջուի, որ խօսի իր առաւելութիւններուն եւ թերութիւններուն մասին:
5
Երբեք չստել:
Գործի հարցազրոյցներու ընթացքին շատ մը բաներ ընդունելի, հանդուրժելի են, ինչպէս` շփոթը, անճարակութիւնը եւ այլն… Մէկ բան աններելի է` սուտը: Երբեք չստէք, ինչ կը վերաբերի ձեր վկայականներուն, «տիրապետած» լեզուներուն եւ տարիներու փորձառութեան մասին: Ասոնք դիւրին ստուգելի բաներ են եւ շա՛տ գէշ տպաւորութիւն կը ձգեն դիմացինին վրայ:
ՏԱՆ ՅԱՐԴԱՐԱՆՔ
ՍԵՂԱՆԻ ԶԱՐԴ
Ընթրիքի կամ թէյասեղանի մը առիթով կարելի է շատ արագ պատրաստել սեղանի կեդրոնական զարդ մը, որ ձեզմէ ո՛չ աւելորդ ժամանակ կը խլէ եւ ո՛չ ալ մեծ ծախսի կը կարօտի:
Այսպէս, ընտրեցէք ապակեայ թափանցիկ աման մը, որ շատ խորունկ չըլլայ, յատակը` մէկ երրորդ բարձրութեամբ խճաքար լեցուցէք, նոյն բարձրութեամբ ալ` ջուր:
Առէք երեք, առաւելագոյնը չորս հատ վարդ, ցօղունները բաւական կարճ կտրեցէք. այնքան մը, որ ծաղիկներուն գլուխները ամանէն դուրս չելլեն, ապա զանոնք հաստատեցէք խճաքարերուն միջեւ:
ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ
ՄՈՒՇՏԱԿԸ ՄԻ՛ՇՏ ՆԵՐԿԱՅ
Անասուններու պաշտպան կազմակերպութիւնները որքան ալ բողոքէն, մուշտակը, իսկական թէ արհեստական, միշտ ներկայ է նորաձեւութեան փառատօներուն մէջ:
Այս ձմեռ եւս շատ նորաձեւ են մուշտակէ վերարկուները, երկար բաճկոններն ու օձիքները:
Ստորեւ նկարին վրայ կը տեսնենք Վալենթինոյի, Էլի Սաապի, Շանելի եւ Փոլ Էնտ Ճոյի յղացումներէն:
ԽՈՀԱԳԻՐ
ԿԱՆԿԱՌՈՎ ՄԻՆԻ ՓԻՑՑԱՆԵՐ
– 16 կանկառի յատակ (փոքր չափի)
– 1 սոխ
– 100 կրամ լոլիկի խիւս
– 2 պտղունց կարմիր, փոշի պղպեղ
– 100 կրամ կրիւյէր պանիր
– 16 անշուա ձուկի ֆիլէ (պահածոյ)
– 16 սեւ ձիթապտուղ
– Ձէթ
Պատրաստութիւն
Պահածոյ կանկառի յատակները քամոցի մէջ դնել, որպէսզի ցամքին: Սոխը մանրել եւ 1 ապուրի դգալ տաք ձէթի մէջ դարձնել 8 վայրկեան: Աւելցնել լոլիկի խիւսը եւ փոշի պղպեղը: Այս խառնուրդով ծածկել կանկառներուն յատակը: Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով, կանկառները շարել իւղով ծեփուած ափսէի մը մէջ, իւրաքանչիւրին աւելցնել տաշուած կրիւյէր պանիր, մէկական անշուայի ֆիլէ եւ կուտը հանուած մէկ սեւ ձիթապտուղ:
Ափսէն փուռը դնել 6 – 8 վայրկեան, մինչեւ որ պանիրը հալի եւ երեսը շէկ գոյն ստանայ:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
ՁՄՐԱՆ ԳԻՇԵՐ ՄԵՐ ՍԱՐԵՐՈՒՄ
Դու յիշո՞ւմ ես
կախարդական ու կախարդո՜ւած գիշերը մեր
ձիւն էր գալիս մեր սարերում –
չկա՜ր ճնշում, չէինք շտապում
եւ յիշո՞ւմ ես, իմ սիրելի
ձիւն էր գալիս մեր սրտերում
մաքուր, յստակ, թարմ ու անբիծ –
օրհնութի՛ւն էր մեր լեռներում
Մենք, մանկացած`
յանձնուեցինք այդ գիշերուայ կախարդանքին
ու վերացած մենք մեր սիրով
սուզուեցինք խորն այդ օրհնանքին
ու քայլեցինք
զուարթ, անհո՜գ
մեր դաշտերում ձիւնապսակ
Ըմբոշխնեցինք առանձնութիւնն
ու լռութիւնը բացարձակ
Անցանք միջով
խոշոր, դանդաղ ու փայլփլուն փաթիլների
Կարծես միջով մի շղարշեայ
անծայրածիր վարագոյրի
քայլերդ անճի՜գ
քեզ պէս թեթեւ
լի խաղերով ու ծիծաղով
գիշերն ամբողջ արբեցած էր
քո վարակիչ, անհուն խինդով
Բայց, այդ գիշեր
դու չիմացար
ապրումներիս հեւքը ահեղ
դու չիմացար
որ ինձ համար
ոդիսակա՜ն էր աւարտել
ա՛յդ իսկ գիշեր, ա՛յդ սարերում
մարմնով էի հասել այնտեղ
ուր անցեալում եղել էի լոկ իմ հոգով
լոկ մտքերով, երազանքով
Դու չիմացար
ոնց այդ գիշեր
յուզումներով գերբեռնուած`
հոգիս դողո՜ւմ էր անընդհատ –
բայց ո՛չ ցրտից, ո՛չ էլ ձիւնից
այլ վերջապէս
տուն ժամանած
ուղեւորի խնդութիւնից
հասել էի այդ դիւթանքին
ու վերջապէս քո գգուանքի՛ն
Ոչ, չիմացար թէ այդ պահը
ինչ մեծ ու խոր իմաստ ունէր
լոկ յիշում ես
ի՜նչ հրայրքով
սիրեցի քեզ ես այդ գիշեր…
ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ