«ԹՈՒՐՔԻԱ ՄՏԱԴԻՐ ՉԷ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ԳՈՐԾԱԿՑԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԵԸԼՏԸԶ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ` մեկնաբանելով իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար Մոհամետ Ճեւատ Լարիճանիի` Նիւ Եորքի մէջ կատարած յայտարարութիւնը, ըսած է, որ Թուրքիա մտադիր չէ հիւլէական ուժանիւթի մարզին մէջ Իրանի հետ գործակցելու:
Լարիճանի յայտարարած էր, որ Իրան պատրաստ է հիւլէական ճարտարագիտութեան մարզին մէջ ունեցած իր փորձառութիւնը փոխանցելու Թուրքիոյ եւ հիւլէական կայան կառուցելու հարցին մէջ անոր օգնելու:
«Իրան պատրաստ է հիւլէական ճարտարագիտութեան մարզին մէջ ունեցած իր փորձառութիւնը դրացիներուն փոխանցելու: Թուրքիա տարիներէ ի վեր կը փորձէ հիւլէական կայան կառուցել, իսկ արեւմտեան երկիրները չեն ուզեր այդ հարցին մէջ անոր օգնել», ըսած էր Լարիճանի:
CATEGORIES Միջազգային


