ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼԱԾ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԳԻՏԱՐՇԱՒԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ
Ս. Փեթերսպուրկի պետական համալսարանի Արեւելեան կաճառի տնօրէն, փրոֆ. Եւկենի Ճելենեւ կը յայտնէ, որ «Անիի Մայր տաճարը կարելի է համեմատել միայն Փեթերսպուրկի Իսահակի տաճարին հետ»: Գիտնականը վերջերս համալսարանի գիտարշաւի կազմով եղած է Անիի մէջ:
«Իբրեւ արեւելագէտ կ՛ուզէի տեսնել, թէ ինչպէ՞ս այս հողերու ներկայ բնակիչները կը վերաբերին այլոց պատմական անցեալին հետ: Ինծի համար կարեւոր էր, թէ ինչպէ՞ս պահպանուած եւ ինչպիսի՞ վերաբերմունքի արժանացած են մշակութային կոթողները, որոնք սրբութիւն են նախապէս այստեղ ապրած մարդոց սերունդներուն համար», կը նշէ Եւկենի Ճելենեւ:
Ս. Փեթերսպուրկի պետական համալսարանի արշաւախումբի անդամները 15-21 սեպտեմբերին հայոց մայրաքաղաքներու իւրայատուկ շրջապտոյտ կատարած են այցելելով Երեւան, Վան, Անի, Կարս, եւ բարձրացած են Արարատ լեռ: Իսկ 26 հոկտեմբերին իրենց տպաւորութիւնները յայտնած են «Ս. Փեթերսպուրկ» պատկերասփիւռի կայանէն` ընդգծելով այցելութեան արժանացած շրջանի գիտական նշանակութիւնը:
«Բացառիկ իրավիճակ է, մշակութային առումով Հայաստանի հետ միասնական տարածք մը, որ հայկական մշակոյթի, քաղաքակրթութեան բնօրրանն է, ժամանակի ընթացքին անցած է Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ: Այսօր ալ այդտեղ գոյութիւն ունի եկուոր ցեղային խմբաւորում` քիւրտ ժողովուրդը: Համապարփակ աշխարհի ընկալումը կը սկսի այսպիսի շրջաններու ուսումնասիրութենէն: Արեւմտեան Հայաստանին համարժէք վայր կը նկատեմ Երուսաղէմը, որ միշտ ալ եղած է ոչ թէ մէկ ժողովուրդի, այլ բազմաթիւ մարդոց սեփականութիւնը», ըսած է Ճելենեւը:
«Փեթերսպուրկեան պատկերասփիւռ» հաղորդումին ընթացքին ցուցադրուեցան նաեւ արշաւախումբին ուղեկցած լուսանկարիչներուն նկարները: Այդ նիւթին հիման վրայ պիտի պատրաստուին 15-20 վայրկեաննոց տեսանիւթեր, որոնց նկատմամբ շարք մը ալիքներ արդէն հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են: Գիտնականները յոյսով են, որ տեսանիւթերը եւս պիտի նպաստեն յուշարձաններու պահպանութեան խնդիրին վրայ ուշադրութեան սեւեռման:
«Պիտի ուզէինք համաշխարհային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Արեւմտեան Հայաստանի յուշարձաններու վերականգնման անհրաժեշտութեան վրայ: Դժբախտաբար, այն ինչ որ տեսաք եւ յատկապէս Անիի միջնաբերդը, չափազանց խարխուլ վիճակի մէջ են: Այս կոթողներուն նկատմամբ աւելի մեծ ուշադրութիւն անհրաժեշտ է, որովհետեւ ատիկա քաղաքակրթութեան ժառանգութիւն է, որ պէտք է պահպանուի», ըսած է Ս. Փեթերսպուրկի պետական համալսարանի արեւելեան կաճառէն Տիգրան Բալայեան:
Իրենց աշխատանքի նկատմամբ Թուրքիոյ հաւանական միանշանակ արձագանգին մասին հարցումի մը արշաւախումբի ղեկավարը կը պատասխանէ. «Պատմութեան որոշ էջերու մասին լռելը աւելի շատ խնդիրներ կը ստեղծէ: Անկեղծ զրոյցը, գուցէ երբեմն ոչ այնքան հաճելի, շատ աւելի լաւ է, քան լռեցնելը», ըսած է Ս. Փեթերսպուրկի պետական համալսարանի տնօրէնի խորհրդական փրոֆ. Ալեքսէյ Օպրազցով:
20-րդ դարու սկիզբէն ի վեր Արեւմտեան Հայաստան այցելած ռուսական առաջին գիտարշաւի ղեկավարը յոյս կը յայտնէ, որ այսպիսի նախաձեռնութիւնները աւելի յաճախակի պիտի դառնան: