«ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՄԻԵՒՆՈՅՆՆ Է, ԹԷ Ո՛Վ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀ» Կ՛ԸՍԷ ՍՏԵՓԱՆ ՍԱՖԱՐԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Ստեփան Սաֆարեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հրաժարականի նպատակը այն է, որ մինչեւ խորհրդարանական ընտրութիւնները Ազգային ժողովը չխանգարէ կառավարութեան գործունէութիւնը: Ըստ անոր, ներքին քննարկումներ տեղի ունեցած են այն հարցին շուրջ, որ խորհրդարանը կառավարութեան աշխատանքը կը խանգարէ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը զո՞վ կը ցանկար տեսնել Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին վրայ, Ստեփան Սաֆարեան նշեց, որ կուսակցութեան համար միեւնոյնն է, թէ ո՛վ կ՛ընտրուի, միեւնոյնն է, ան պիտի ըլլայ Հանրապետական կուսակցութենէն: «Երբ կուսակցական պատկանելիութիւնը ամէն ինչ կը թելադրէ, նոյնիսկ եթէ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին համար նշանակուի մարդ մը, որուն մենք կը համակրինք, ատիկա միեւնոյնն է, ոչինչ պիտի փոխէ», ըսաւ Ստեփան Սաֆարեան:

Share this Article
CATEGORIES