ԷՐՏՈՂԱՆ` «ԹԱՅՄ»Ի ԿՈՂՔԻՆ ՎՐԱՅ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի լուսանկարը զետեղուած է ամերիկեան հեղինակաւոր «Թայմ» ամսագիրի կողքին վրայ:
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ամսագիրին մէջ կը նշուի, որ Էրտողան Միջին Արեւելքի ամէնէն աւելի քաշողականութիւն ունեցող ղեկավարն է:
«Թուրքիոյ իսլամամէտ ղեկավարը կրցաւ հզօր պետութեան վերածել ժողովրդավարական եւ աշխարհիկ արժէքներ դաւանող, Արեւմուտքին յարող իր երկիրը», կը գրէ «Թայմ», որ Թուրքիոյ վարչապետին մասին յօդուածը հրապարակած է «Էրտողանի ուղին» խորագիրով:
Էրտողան 8-րդ թուրքն է, որուն նկարը կը յայտնուի «Թայմ»-ի կողքին վրայ:
CATEGORIES Միջազգային

