ՃԱՏՐԱԿ. ՄԻՀԱՅԻԼ ԹԱԼԻ ՅՈՒՇԱՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՐՈՆԵԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ԻՎԱՆՉՈՒՔԻՆ

Լեւոն Արոնեան (աջին) եւ Վասիլի Իվանչուք

Երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող Միհայիլ Թալի ճատրակի յուշամրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով ճակատեցաւ ուքրանացի Վասիլի Իվանչուքի դէմ:

Աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 3-րդ դիրքը գրաւող Արոնեան 57-րդ շարժումին պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Արոնեան ապահովելով մրցաշարքի իր 2-րդ կէտը, գրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

4-րդ հանգրուանին Արոնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ:

Share this Article
CATEGORIES