ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՎԱՂԸ` ՀՄԸՄ – ՇԵՊԻՊԵԹ ՄԱԶՐԱԱ

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 20 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Շեպիպեթ Մազրաան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 2:15-ին:

ՀՄԸՄ, որ տարեշրջանի իր առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց, այլ տպաւորիչ ներկայացում մը կատարելով պէտք է իր հիւրէն խլէ առաւելագոյն երեք կէտը:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի վաղը ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը` արձանագրուելիք յաղթանակը միասնաբար տօնելու համար:

Share this Article
CATEGORIES