ԹՐԻԱԹԼՈՆԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀՄԸՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

Լիբանանի թրիաթլոնի ֆետերասիոնին կազմակերպած մրցաշարքին, որ կ՛ընդգրկէ երեք տեսակի մարզաձեւեր լողարշաւ, հեծելարշաւ եւ վազք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մարզիկները, որոնք մասնակցեցան անոր, առաջին անգամ ըլլալով արձանագրեցին տպաւորիչ արդիւնքներ:

35 տարեկան եւ վեր դասակարգին մէջ, Խորէն Ահարոնեան գրաւեց երրորդ պատուաւոր դիրքը: Ան ընդհանուր 70 մասնակցողներուն մէջ հանդիսացաւ 7-րդ:

Օհաննես Շիտիաք 20-34 տարեկան դասակարգին մէջ հանդիսացաւ 9-րդ: Ընդհանուր 70 մասնակցողներուն մէջ ան գրաւեց 17-րդ դիրքը:

Նշենք, որ Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին մօտ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ներկայացուցիչն է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Վահան Համամճեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES