ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ` ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԵՒ ՏԵՂԱԿԱՆ ԲԱՐԴ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ
Հերթական անգամ բարդ պայմաններու մէջ Լիբանան կը տօնակատարէ իր անկախութեան 68-րդ տարեդարձը: Տեղական դժուարին պայմաններուն վրայ աւելցած են շրջանային բարդութիւնները շատ անմիջական յարաբերակցութիւններով: Միջազգային քաղաքականութեան մէջ ընդհանրացած «Արաբական գարուն» յղացքը ձմեռնային փոթորիկներու տեսք ու տարողութիւն կը ստանայ եւ գարնանային կարկուտներու ազդեցութեամբ երբեմն կը հարուածէ բերքերը:
Եղանակային այս տեսութիւններէն անկախ, պէտք է արձանագրել, որ ժողովրդային տարերայնութիւններու մէջ եւ անոնցմէ անդին յստակօրէն կ՛երեւին գերտէրութիւններու ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման եւ տարածման մրցապայքարները, չյայտարարուած կայսերապաշտութիւններու նոր նկրտումները: Ամէն ինչ սակայն տեղի կ՛ունենայ մարդկային իրաւունքներու յարգումի պահանջներով, ժողովրդավարացման կարգախօսերով, բաժանումներու եւ նոր սահմանագծումներու ծրագիրներու հրապարակայնացումով: Թէ որքանո՞վ գարնանային բարեբերութեան մասին կարելի է խօսիլ նման թոհուբոհի մէջ, կը մնայ խիստ կասկածելի:
Խնդիրը արտաքին հրահրումներու, ներշնչումներու, ուղղակի միջամտութիւններու եւ զինական օժանդակութիւններու կը վերաբերի: Այնքան ատեն, որ որեւէ շարժում տեղական ենթահողի վրայ խարսխուած է, ժողովրդային մեկնակէտեր ունի եւ ներքին պահանջներու վրայ հիմնուած հասարակական շարժում է, պարզապէս պէտք է յարգել տեսակէտները, շարժումի գաղափարախօսութիւնը, իշխանափոխութեան պահանջներն անգամ:
Ազդեցութեան գօտիներու պայքարի հրապարակ դարձած ըլլալու, գերտէրութիւններու հաշիւներու բախման եւ համընկնման անմիջական հետեւանքները կրած ըլլալու եւ այլոց բախումներուն մէջ ներքաշուելու ծանր դասը շատ սուղ արժած է լիբանանեան մեր երկրին: Ցնցումներ անվերջ, լարուածութիւններ, բեւեռացումներ եւ ամբողջ պետական համակարգի անդամալոյծ իրավիճակներու կրկնութիւններ յատկանշած են Լիբանանի քաղաքական բեմը, մինչ ընկերային, տնտեսական դժուարին կացութիւններու մատնուած է հասարակութեան մեծամասնական խաւը:
Ներքին առումով լիբանանեան միջհամայնքային համակեցութիւնը յաճախ մնացած է տեսութեան սահմաններուն մէջ եւ որոշ առիթներու թեւակոխած բախումնային դաշտ: Հիմա նկատելի է արդէն, որ լիբանանեան հրապարակին վրայ արձանագրուած դիպաշարերը այս առումով տեղափոխուած են շրջանային մակարդակ:
Համեմատաբար այս անգամ աւելի կայուն են լիբանանեան քաղաքական եւ հասարակական դաշտերը: Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ վտանգը հեռու է մայրիներու երկրէն եւ թէ մետասաներորդ պահուն չի կրնար վերաբռնկիլ կացութիւնը: յայտնապէս արտաքին կեդրոնները քաղաքական այլ առաջնահերթութիւններ ունին այս օրերուն եւ շիկացնելու քաղաքականութեան ուղղութիւնները առայժմ ցրուած են լիբանանեան կողմէն:
Խնդիրը ուրեմն, ներլիբանանեան գիտակցական ամրութեան, պետականութեան շուրջ համախմբուելուն եւ համայնքներու իրաւունքներն ու իւրայատկութիւնները պահպանելով համալիբանանեան մտածողութիւն յառաջացնելու եւ երկրի խորհրդանիշներուն շուրջ համախմբուելուն մէջ է: Գիտակցական մօտեցումի բացակայութիւնն է, որ ենթահողը կը պարարտացնէ արտաքին հաշուարկներու շատ արագ թափանցումին եւ այլոց ծրագիրներու իրականացման քաղաքականութիւններու մէջ ներքաշումին:
Այս արդէն մեծ հարցականներ կը յառաջացնէ գերիշխանութեան եւ անկախութեան սկզբունքներուն շուրջ, որոնք պէտք է իբրեւ բացարձակ արժէքներ պահպանուին ինչպէս պետութիւններուն, այնպէս ալ ժողովուրդներուն կողմէ:
Շրջանային եւ տեղական այս նկատառումներով է, որ Լիբանան պէտք է տօնակատարէ անկախութեան իր տօնը: