ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ՆՈՐ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ ԿԸ ՓՆՏՌԷ՞Ք
Շատեր ընկերային շրջանակ չունին եւ ոչ ալ կը փնտռեն, ուրիշներ շատ ծանօթութիւններ ունին, բայց իսկական բարեկամներ չունին: Իսկ դուք բաւարարուա՞ծ էք ձեր բարեկամներուն թիւով եւ ձեր ու անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամական կապերով, թէ տակաւին կը փնտռէք բառին իսկական առումով մէկ-երկու բարեկամ:
Պատասխանեցէք ստորեւ տրուած հարցումներուն, ապա կարդացէ՛ք արդիւնքը:
1
Հաւաքոյթի մը հրաւիրուած էք եւ առիթ պիտի ունենաք մեծ թիւով մարդոց հանդիպելու.
ա.- Խանդավառութեամբ կը սպասէք այդ օրը:
բ.- Նման հաւաքոյթներու յաճախ կ՛երթաք. անոնք շատ բան չեն ըսեր ձեզի:
գ.- Կը հրաժարիք երթալէ, խճողուած վայրերէն կը խուսափիք:
2
Կ՛ուզէք բարեկամներ գտնել, քանի որ.
ա.- Կեանքը առանց իսկական բարեկամներու անհամ է:
բ.- Ձանձրացած էք ձեր շրջապատի մարդոցմէ:
գ.- Կարծիք տուողի պէտք ունիք:
3
Ձեզի համար բարեկամութիւնը.
ա.- Փոխադարձ հասկացողութիւն եւ նուիրում է:
բ.- Կեանքի ընկեր է:
գ.- Զրուցակից է:
4
Բարեկամ գտնելու լաւագոյն ձեւը.
ա.- Շրջապատին մէջ փնտռելն է:
բ.- Համացանցն է:
գ.- Պատահականութեան ձգելն է:
5
Ձեր կարծիքով ձեր բարեկամը պայման է, որ.
ա.- Ձեր սեռէն ըլլայ, այսինքն կին մը:
բ.- Տարեկից ըլլայ:
գ.- Սեռը կարեւոր չէ, բայց տարիքը` այո:
6
Կեանքի մէջ նախ կը փնտռէք.
ա.- Լաւ բարեկամը:
բ.- Լաւ կողակիցը:
գ.- Լաւ դրացին:
7
Դպրոցական տարիներուն.
ա.- Մտերիմ ընկերուհի ունէիք:
բ.- Դասընկերներու հաճելի խումբ կազմած էիք:
գ.- Յաճախ բակը առանձին կը մնայիք:
8
Ներկայիս`
ա.- Յաճախ դուք կը կապուիք ձեր ծանօթներուն եւ անոնց որպիսութիւնը կը հարցնէք.
բ.- Կը սպասէք, որ ուրիշներ ձեզի հետ կապուին:
գ.- Ժամանակ չունիք ընկերային պարտականութիւններու:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է, կը սիրէք իսկական բարեկամներ ունենալ եւ ըստ երեւոյթին ձեր շրջապատի մարդիկը չեն բաւարարեր ձեզ: Ձեր փնտռածը մակերեսային ընկերութիւնը չէ, այլ անկեղծ խօսակից, գաղափարակից, ձեր լաւ եւ գէշ օրերը բաժնող ընկեր:
Թելադրելի է շատ իտէալապաշտ չըլլաք, որպէսզի մեծ յուսախաբութիւն չապրիք, որովհետեւ իսկական բարեկամները հազուագիւտ են մեր օրերուն:
***
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է, քիչ թէ շատ ընդունած էք ձեր ընկերային շրջանակը, մեծ ակնկալութիւններ չունիք եւ բաւարարուած էք ձեզ շրջապատող ընկերներով: Սրտակից բարեկամի մը կարիքը չէք զգար, նոր բարեկամներ փնտռելու ճիգին մէջ չէք մտած:
***
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է, ընդհանրապէս առանձնութիւնը սիրող, խճողուած վայրերէ խոյս տուող անձ էք, բաւարարուած էք ձեր ընտանիքին անդամներով եւ գործընկերներով, նոր ծանօթութիւններ եւ բարեկամական կապեր հաստատելու երբեք մտադիր չէք:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ
Քունը եւ առողջութիւնը
Քունը կենսաբանական անհրաժեշտութիւն է, իսկ խոր եւ բաւարար քունը անհրաժեշտ է նոր օր սկսելէ առաջ լաւ տրամադրութիւն ապահովելու համար: Ժողովրդական առածը կ՛ըսէ. «Որքան քունը խոր ըլլայ, այդքան մտքերը պարզ կ՛ըլլան»: Արտաքնապէս պարզ թուացող, սակայն խորքին մէջ շատ կարեւոր պայման է նոյն ժամուն քնանալն ու նոյն ժամուն արթննալը: Ան կարեւոր է մարմնի կենսաբանական, ներքին բնական ընթացքը չխանգարելու համար: Շատեր քնանալէ առաջ կամ ուշ երեկոյեան ուտելու ցանկութիւն կ՛ունենան` պատճառաբանելով, որ անօթի քնանալ չեն կրնար: Նախընտրելի է մէկ գաւաթ հիւթ խմել կամ կէս պանան ուտել: «Լեցուն» ստամոքսը չի նպաստեր հանգիստ եւ խորը քունի, ինչ որ պատճառ կը դառնայ ծանր երազներու: Ընթրիքի ընթացքին իւղոտ ուտելիքներու եւ կազային ըմպելիքներու չարաշահումը անպայման կը խանգարեն հանգիստ քունը: Անքնութենէ տառապողները պէտք չէ օգտագործեն քաֆէին պարունակող խմիչքներ` սուրճ, մութ թէյ. քաքաօ կարելի է, այն ալ` առաւօտեան: Հանգիստ եւ խոր քուն ունենալուն կը նպաստեն պանանը, դեղձը, խնձորը, տանձը եւ սալորը: Մեղրը կը փարատէ անօթութեան զգացումը, կ՛ապահովէ խոր քուն. կարելի է ընթրիքին ուտել մէկ ճաշի դգալ մեղր կամ աւելի արդիւնք ստանալու համար զայն խմել մէկ գաւաթ ջուրով, որուն աւելցուած է 2 թէյի դգալ խնձորի քացախ: Խուսափիլ քնաբեր դեղահատերէն, մարմինը անոնց չվարժեցնելու համար:
Շնչառութիւնը եւ առողջութիւնը
Հին ժամանակներէ շատ կարեւորութիւն տրուած է ճիշդ շնչառութեանը, որ մարդու կենսական պահանջներէն կարեւորագոյնն է: Մարդիկ կը շնչեն սխալ, մեքենականօրէն, մակերեսային, մինչդեռ շնչառութիւնը օրկանիզմի միակ կենսական երեւոյթն է, որուն կարելի է վերահսկել եւ ղեկավարել: Շնչառութեան հետ կապուած է արեան բնականոն շրջանառութիւնը, մարմնի լիարժէք սնուցումը եւ ջերմակարգաւորումը: Սխալ շնչառութեան պատճառով, արիւնը բաւարար թթուածինով չհարստանալով, կը յառաջացնէ հիւսուածքներու սնուցման խանգարում: Նախընտրելի է շնչել քիթով, ամենաարդիւնաւէտը` որովայնի ստորին մասով եւ կարեւոր է, որ արտաշնչումը ներշնչումէն երկար ըլլայ:
Լռութիւնը եւ առողջութիւնը
Լռութիւնը կը նկատուի հոգեկան հաւասարակշռութիւնը վերականգնող միջոց: Հիւանդութիւններու ատեն մարմինը որպէս ինքնապաշտպանողական միջոց կ՛որդեգրէ այդ վիճակը: Խօսելու ցանկութեան պակաս կը յառաջանայ նոյնիսկ պարզ թուացող հարբուխի ժամանակ: Լռութեամբ կարելի է բուժել շարք մը հոգեկան անհաւասարակշռուած վիճակներ: Ծանր հիւանդութիւններու պարագային, կը թելադրուի հիւանդներուն օրական 4-5 ժամ լռել, չխօսիլ. պատահական չեն, որ ծանր հիւանդներուն այցելութիւն տալը կ՛արգիլուի: Լռութիւնը օգտակար է նաեւ առողջ մարդկանց, որոնք յոգնած են, մտահոգ եւ լարուած:
Ֆիզիքական մարմնամարզը եւ առողջութիւնը
Կալինա Շաթալովան իր «Բնական ապաքինում» գիրքին մէջ կը գրէ. «Կ՛ուզե՞ս ապրիլ` շարժէ, եթէ վազել չես կրնար քալէ՛, եթէ քալել ալ չես կրնար` սողա՛, միայն շարժէ՛, որպէսզի օրկանիզմդ լիարժէք աշխատելու եւ ապրելու խթան ստանայ»:
Ֆիզիքական աշխուժութիւնը կը բարձրացնէ օրկանիզմի դիմադրողականութիւնը հիւանդութիւններու դէմ, կը բարելաւէ նիւթափոխանակութիւնը, արեան կազմը, բարերար ազդեցութիւն ունի ջղային համակարգի վրայ, կ՛ամրապնդէ զայն:
Ֆիզիքական աշխուժութիւնը կը նպաստէ մարմնի ներդաշնակ աճին, կը պահպանէ առողջութիւնը եւ մարմնի բարեձեւութիւնը: Հետեւաբար, քալելը ունի թէ՛ ֆիզիքական, եւ թէ՛ հոգեկան օգտակարութիւն: Մասնագէտները կը թելադրեն օրական դրութեամբ քալել: Որեւէ սննդականոն կշիռքը կը նուազեցնէ, սակայն օրական 45 վայրկեան քալելը կը պահպանէ ստացուած նոր կշիռքը: Քալելը անվնաս մարզանք մըն է, անոր կրնան հետեւիլ փոքրերն ու մեծերը, հիւանդներն ու առողջ անձերը: Քալելը կը բարելաւէ տրամադրութիւնը, կը հանդարտեցնէ ջղային համակարգը:
Մարմնի շարժունակութեան կատարեալ ձեւերը վազքը եւ լողալն է, քանի որ այս պարագաներուն շարժման մէջ կը մտնէ ամբողջ մարմինը: Մէկ ժամ արագ լողալը կ՛այրէ 1000 ջերմուժ: Լողալը կ՛օժանդակէ կշիռքին նուազեցման, մարմինը դարձնելով բարեձեւ եւ համաչափ, կ՛աշխուժացնէ արեան շրջանառութիւնը, կ՛օգնէ ձերբազատուելու վիզի եւ ողնայարի ցաւերէն. լողալը` յատկապէս մանուկներուն, ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ:
Մարզանքը, անկախ անոր ձեւէն, պէտք է կատարել հաճոյքով, առանց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու ժամանակին եւ անցած տարածութեան վրայ: Անհրաժեշտ է կանգ առնել, երբ մարմինդ կը յուշէ քեզի, թէ յոգնած ես:
ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԵՒ ՄԵՆՔ
ՈՐՔԱՆՈՎ ԿԱՌՉԱԾ ԿԸ ՄՆԱՆՔ
ՄԵՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ
Նախքան ծնողք դառնալը բոլորս ալ դաստիարակչական մեծ սկզբունքներէ կը ճառենք, բայց անգամ մը որ զաւակներու տէր ենք խոստովանինք, որ մեր գինիին շատ ջուր կը խառնենք եւ մեր սկզբունքներուն մէկ կարեւոր մասը կը ցնդին օդին մէջ:
Արդեօք սխալ ընթացքի մէ՞ջ ենք, ի՞նչ պէտք է ընենք…
Առնենք օրինակ մը. «Նուէրներուն չափազանցութիւնը կը վնասէ երեխային»: Այո, երբ առանց առիթի երեխային բաներ կը նուիրենք, կը հասնինք տեղ մը, ուր երեխան գլուխը կը կորսնցնէ եւ քիչ-քիչ նուէրը իր իմաստէն կը պարպուի եւ հաճոյք չի պատճառեր: Ոմանց մօտ յաճախակի նուէր ստանալը անբաւարարութեան զգացում կ՛արթնցնէ, եւ տեւաբար աւելին կը պահանջէ: Աւելի մտահոգիչ կը դառնայ, երբ երեխան իր ստացած նուէրներուն արժէքով եւ քանակով կը չափէ ծնողական սէրը:
Առնենք հարցին միւս երեսը. մենք մեծ եւ չափահաս ըլլալով կը տարուինք ու կը շլանանք շուկայի նորութիւններով, ալ ուր մնաց երեխան: Երբ լսենք, որ մեր զաւակը կը պատմէ իր դասընկերներուն մէկ նոր խաղին մասին, խաղ մը, որուն նիւթը կ՛ընեն բոլոր զբօսանքներուն կամ կը խաղան երբ քով-քովի գան, մեր սիրտը կը փափուկնայ եւ որպէսզի մեր զաւակը զրկուած չմնայ, մենք ալ անոր կը գնենք հատ մը` այն համոզումով, որ այսպիսով ընկերներուն շրջանակին կողմէ «ընդունուած» պիտի ըլլայ:
Բայց ո՞ւր մնաց սկզբունքը…
Նախընտրելի է, որ մեծ նուէրները վերապահենք կաղանդին եւ տարեդարձին: Մնացեալները թող ըլլան խորհրդանշական նուէրներ: Ձգենք, որ երեխան երազէ եւ ցանկայ իր սիրած մէկ բանը եւ ոչ թէ ուզածը ուզած վայրկեանին ստանայ: Վերջապէս` անակնկալի հաճոյքը չմարենք անոր հոգիին մէջ:
ԵԳԻՊՏԱՑՈՐԵՆ – ԿՈՐԵԿ
Անոր մշակումը սկսած է Մեքսիքայի մէջ: Ան բրինձի եւ ցորենի կողքին կը նկատուի սննդարար հիմնական ընդեղէն մը: Անոր 100 կրամը կը պարունակէ 88 ջերմուժ: Եփած եգիպտացորենը աւելի սննդարար է, քան` հումը: Եփելէ ետք կ՛աւելնայ անոր հականեխիչ ազդեցութիւնը, որ ֆերուլիք կոչուող նիւթի շնորհիւ է, որ 100 առ հարիւրով կ՛աւելնայ 50 վայրկեան զայն եփելէ ետք: Եգիպտացորենը հարուստ է բնաթելով, որ կը նպաստէ վատ քոլեսթերոլի քանակի նուազումին: Անոր մազմզուկներու եփուկը կ՛օգտագործուի տարբեր պատճառներէ յառաջացած այտուցներու, միզամանի բորբոքումին, արեան մակարդելիութիւնը եւ պիլիռուպինի քանակը պակսեցնելու համար եւ շաքարախտի ու ախորժակի կորուստի պարագային: Մազմզուկները կէս ժամ ձգել եռացած ջուրի մէջ եւ խմել որպէս միզեցուցիչ եւ մաքրող թէյ, որ աւելի հաճելի դարձնելու նպատակով կարելի է աւելցնել մեղր կամ կիտրոնի հիւթ: Եգիպտացորենը որպէս թեթեւ եւ սննդարար ուտելիք նախընտրելի է երեխաներուն:
ԽՈՀԱԳԻՐ
ԿՈՐԵԿԻ ԱՊՈՒՐ
250 կր. հաւու կուրծքի միս
1 միջակ սոխ` մանրուած
1 ապուրի դգալ կարագ
2 ապուրի դգալ նշայ (քորն ֆլաուըր)
5 գաւաթ հաւու մսաջուր
1/2 թէյի դգալ սեւ փոշի պղպեղ
1 տուփ ճզմուած կորեկ (1 գաւաթ)
Պատրաստութիւն
Խաշել հաւու կուրծքը, ապա քամոցի մէջ փոխադրել:
Տաքցնել կարագը եւ տապկել սոխը: Աւելցնել հաւու մսաջուրը:
Նշան լուծել կէս գաւաթ մսաջուրի մէջ, ապա աւելցնել մնացեալին վրայ:
Աւելցնել կորեկն ու պղպեղը եւ շարունակել եփել մինչեւ որ պղպջակներ կազմուին:
Թելի նման փետտել հաւու կուրծքը, խառնել ապուրին եւ հրամցնել տաք վիճակի մէջ` սոյա թացանի ընկերակցութեամբ:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄՏԱԾՈՒՄԸ
ՀԱՅ ԳԻՐՔԸ…
Հոգիին հացն է գիրքը եւ անոր անսուտ ուղենիշը, մարդէ մարդ նետուած կամուրջ է, յարաբերութիւն է ու միութիւն, եւ հետեւաբար զօրութեան ապահով առհաւատչեայ:
Գիրքին արժէքը անխորտակելի է ու մնայուն ո՛չ միայն իր ներգոյակ ուժին համար, այլ որովհետեւ անկողոպտելի է անիկա, անառիկ, ենթակայ չէ արտաքին ուժերու, ենթարկող զօրութիւն մը ունի աւելի:
… Հայը ձեւով մը կը քաշքշէր իր գոյութիւնը, բայց սպառնալիքի տակ էր հայութիւնը:
Ու պատմական այդ պահուն ճնշումով` ամէն ոք յաճախ ձգած են իրենց բոլոր հարստութիւնները եւ մագաղաթ մը փրկելով խոյս տուած են տունէն, նոր ապաստանարանին մէջ կառչելով նոյն այդ սրբութեան, մագաղաթին:
Պատահած է, որ հօրենական իբրեւ ժառանգութիւն որդիներէն մէկը ձեռագիրով մը բաւարարէ իր հոգին եւ հարստութիւններէն գերագոյնը ժառանգած ըլլալու բերկրանքով մը լեցնէ իր միւս օրերը:
Պատմութիւնը արձանագրած է նոյնիսկ, որ անզաւակ ամուսինները ահագին զոհողութիւններով գիրք մը որդեգրեն եւ անոր վրայ թափեն ծնողական իրենց ողջ գուրգուրանքը:
Ինչպէս կ՛երեւի` պատմուածը արդէն գիրքի պատմութիւն չէ, այլ` ոգիի պատմութիւն է, ներքին ապրումներու դիւցազներգութիւն, ուր հայ գիրքը եւ մարդը գրեթէ կը շփոթուին իրարու հետ: Եւ այդ է արդէն բուն ճշմարտութիւնը, ըսել կ՛ուզենք` ինչպէս հայ գիրքը մօտ է հայ մարդուն սրտին, այնպէս ալ հայ մարդը ամբողջութեամբ ներկայ է հայ գիրքին մէջ:
Լոյս է հայ գիրքը, ու լոյսի պաշտամունքը խորթ չէ հայ մարդուն:
Աղօթք է հայ գիրքը, ու մեր հոգին հեռու չէ այդ մթնոլորտէն:
Տխրութիւն է ու վէրք հայ գիրքը, ու ատիկա հաշտ է մեր ճակատագրին հետ:
Բողոք է ու ըմբոստացում, ու հայ մարդուն էական յատկութիւններէն մէկն է ըմբոստացումը:
Սէր է տակաւին հայ գիրքը, խնճոյք է, բնութիւն է, երգ է, ու մեր ցեղային խառնուածքը խոտոր չի համեմատիր վայելքի այդ վիճակներուն:
Հայ գիրքը` հայ մարդն է, հայ մարդը` հայ գիրքն է, առանց մէկուն անըմբռնելի է միւսը, երկուքը միաձոյլ ամբողջութիւն մը:
ՊՕՂՈՍ ՍՆԱՊԵԱՆ
«Մեր փարախէն ներս»
(Հատուած)
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ