ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՑԱՐԴ ԵՕԹԸ ԽՈՒՄԲԵՐ ԱՊԱՀՈՎԱԾ ԵՆ ՓԼԷՅ-ՕՖԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԻՐԵՆՑ ՏՈՄՍԵՐԸ

Երէկ, Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, Պոսթըն Սելթիքս 96-86 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Եորք Նիքսը` վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Քեւին Կառնեթ նշանակեց 24 կէտ, իսկ Սելթիքսի անոր խմբակից Փոլ Փիրս` 21 կէտ:

Նշենք, որ ցարդ եօթը խումբեր ապահոված են փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը: Անոնք են` Պոսթըն Սելթիքս, Շիքակօ Պուլզ, Մայեմի Հիթ, Օրլանտօ Մեճիք (Արեւելեան շրջան), Սան Անթոնիօ Սփըրզ, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ եւ Տալաս Մավըրիքս (Արեւմտեան շրջան):

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Օրլանտօ Մեճիք – Քլիվլենտ Քաւալիրզ 97-86
Ինտիանա Փէյսըրզ – Նիւ Ճըրզի Նեթց 102-98
Պոսթըն Սելթիքս – Նիւ Եորք Նիքս 96-86
Շիքակօ Պուլզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 132-92
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Եութա Ճեզ 103-85
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 111-96
Տենվըր Նակեթց – Թոթոնթօ Ռեփթըրզ 123-90

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Աթլանթա Հոքս – Շիքակօ Պուլզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ

 

Share this Article
CATEGORIES