ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՒԱԾ ՈՃԻՐՆԵՐՈՒ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՒՆ ԱՐԱԳ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄԸ

Նախարար Շարպել եւ նախագահ Սլէյման

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման գնահատեց Լիբանանի մէջ գործուած ոճիրներու դրդապատճառներուն արագ բացայայտումը` կոչ ուղղելով դատական իշխանութիւններուն արագացնելու այդ իմաստով տրուելիք վճիռները:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ այդ կայունութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Ատնան Քասսար եւ Իպրահիմ Նաժժար, որոնք քննարկեցին երկիրը յուզող քաղաքական հարցերը:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Քայսար Մուաուատ:

Նշենք, որ Լիբանանի անկախութեան 68-ամեակին առիթով նախագահ Սլէյման շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն եւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիէն:

Իր հեռագիրին մէջ Օպամա շեշտած էր, որ ինք կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանի քաղաքական անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ նեցուկ կը կանգնի լիբանանցիներուն, որպէսզի անոնք կարենան արդարութիւն բանեցնել երկրին մէջ եւ ոճրագործներուն դէմ տնօրինել պատժական միջոցներ:

Իր կարգին, նախագահ Սարքոզի իր հեռագիրին ընդմէջէն շնորհաւորեց Լիբանանի Անկախութեան տօնը` մաղթելով նաեւ, որ Լիբանան կատարէ իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նկատմամբ իր ստանձնած յանձնառութիւնները:

Սարքոզի զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի մէջ տարբեր համայնքներուն միջեւ պահպանել յարգանքն ու հաւասարութիւնը:

Նախագահ Սարքոզի նշեց նաեւ, որ ինք նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի ազգային երկխօսութեան վերսկսումին:

Share this Article
CATEGORIES