ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾՈՂ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԸ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահութեամբ:

Նիստէն բացակայեցան նախարարներ Սելիմ Քարամ, Նիքոլա Ֆաթթուշ եւ Ղազի Արիտի, որ անգամ մը եւս կառավարութեան նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկեց:

Կառավարութեան կողմէ սկզբունքով քննարկուելիք 76 կէտերէ բաղկացած օրակարգին առընթեր, նիստին ընթացքին Հըզպալլայի նախարարները արծարծեցին Լիբանանի մէջ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնին հարցը` նկատի ունենալով, որ այդ կեդրոնը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մէջ:

Նշենք, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդհատելով նիստը դուրս եկաւ շեշտելու համար, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնը կարելի չէ իսրայէլեանէն անջատել: Ան նշեց, որ այս շրջագիծին մէջ, որոշուեցաւ այս թղթածրարին առնչութեամբ հարցաքննել Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին: «Այս շրջագիծին մէջ, կառավարութիւնը որոշեց արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին հարցաքննութեան կանչել», ըսաւ Հաժ Հասան:

Նշենք, որ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք իր յայտարարութեան մէջ շեշտեց, որ կառավարութիւնը համախոհութիւն չէ գոյացուցած Քոնելլին հարցաքննելու առումով, այլ` արտաքին գործոց նախարարէն խնդրած է ամերիկացի դեսպանին հետ քննարկել այս հարցը եւ ստուգել ամերիկեան տեղեկատուութեան տրամադրած այդ տեղեկութիւններուն ստոյգ ըլլալու իրողութիւնը:

Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ առաջ տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա խորհրդարանին մէջ հրաւիրած էր մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ ամերիկեան վարչակազմին կատարած այն հաստատումները, որ Պէյրութի մէջ ամերիկեան «Սի. Այ. Էյ.» գաղտնի սպասարկութեան գործող կեդրոն գոյութիւն ունի, յստակ եւ վտանգաւոր խոստովանութիւն է, թէ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ամերիկեան ոտնձգութիւններ կը գործուին` վտանգելով երկրին քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ ապահովական կայունութիւնը:

Ֆատլալլա կոչ ուղղեց բոլորին ստանձնելու իր պարտականութիւնը. ան շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը անմիջապէս պէտք է քայլերու դիմէ եւ յստակ թղթածրար մը պատրաստէ այս առնչութեամբ, որպէսզի զայն յղէ Լիբանանի մէջ գործող բոլոր դեսպանատուներուն, միջազգային մարմիններուն եւ ՄԱԿ-ին, որպէսզի ամբողջ աշխարհը գիտնայ, թէ ամերիկացիները ինչպէս կը վարուին Լիբանանի մէջ:

Ֆատլալլա ընդգծեց, որ ամերիկեան լրտեսութիւնը` իսրայէլեանէն նուազ վտանգաւոր կարելի չէ նկատել, «ընդհակառակն` անիկա ամբողջացումն է իսրայէլեան լրտեսութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ամերիկեան լրտեսութիւնը Լիբանանի մէջ համազօր է Մոսատի լրտեսութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES