ԵՒՐՕ-2012. ԲԵՐԴԱՊԱՀ ՄԱԼԱՖԷԵՒ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

Վիաչեսլաւ Մալաֆէեւ

Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկի բերդապահ Վիաչեսլաւ Մալաֆէեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ շաբաթ, 26 մարտին Հայաստանի դէմ տեղի ունենալիք Եւրօ-2012-ի զտումի մրցումին, երէկ յայտնեց Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը:

Կը կարծուէր, որ ան Հայաստան մեկնողներուն կարգին պիտի չըլլայ` իր կնոջ մահուան պատճառով:

Սակայն, Ռուսիոյ մարզիչ Տիք Ատվոքաթ անոր հետ տեսակցելէ ետք որոշեց իր կազմին մէջ առնել փորձառու բերդապահը, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նախորդ հանգրուանին յաջողեցաւ անառիկ պահել իր բերդը:

Մալաֆէեւէն բացի, Ատվոքաթ իր կազմին միացուց նաեւ Ռուպինի բերդապահ Սերկէյ Ռիժիքովը:

Այլ գետնի վրայ, ռուսական մամուլին համաձայն, աւելի քան քառասուն ռուսական լրատուամիջոցներ ներկայ պիտի ըլլան Հայաստան – Ռուսիա մրցումին:

 

Share this Article
CATEGORIES