ՃԱՏՐԱԿ. ՈՒԶՊԵՔԻՍՏԱՆԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՏԻԳՐԱՆ Լ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԿՈՐՍՆՑՈՒՑ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ԿԷՍ ԿԷՏԸ

Ուզպեքիստանի մայրաքաղաք Թաշքենտի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային 5-րդ մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն, հայրենի վարպետ Տիգրան Լ. Պետրոսեան, որ ճակատեցաւ ռուս Եւգենի Ալեքսիեւի հետ, ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:

Նշենք սակայն, որ Պետրոսեանի մրցակիցը այս մրցաշարքին ամէնէն բարձր վարկանիշը ունի:

Անոնց երկուքին միջեւ արձանագրուած այս հաւասարութիւնը առիթ տուաւ անոնց ետին գտնուողներուն, որպէսզի յաղթանակ արձանագրելով անոնց նման ունենան 3,5-ական կէտ: Այժմ տասը վարպետներ ունին նոյնքան կէտ:

5-րդ հանգրուանի հանդիպումները պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ հինգ զոյգեր, որոնք ունին 3,5-ական կէտ, պիտի ճակատին իրարու դէմ:

Պետրոսեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Միքայէլ Ռոյզ (Իսրայէլ): Հայրենի վարպետը պիտի մրցի սեւ քարերով:

 

Share this Article
CATEGORIES