ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ` ԲԱՆԱԿԻՆ ՀԵՏ
Այս տարի Հռիփսիմեանց երկրորդական բարձրագոյն վարժարանին մէջ աննախադէպ հանդիսութեամբ յիշատակուեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնը:
Անկախութեան օրուան նախորդող շաբաթ, երկուշաբթի, 14 նոյեմբերի առաւօտ, դպրոցական առաջին զանգէն առաջ, լիբանանեան բանակէն ջոկատ մը զրահապատով մը դպրոց ժամանած էր նախապատրաստական աշխատանքներու համար:
Աշակերտները, մեծով-պզտիկով, հետաքրքրուած էին դպրոցին մէջ կատարուող ամէն տեսակ արտասովոր շարժումով: Ի վերջոյ հասաւ հանդիսութեան պահը. օրուան ծրագիրը ունէր երկու հանգրուան, առաջին հերթին, նախապատրաստական դասարաններէն մինչեւ երկրորդականի աշակերտները, ծնողներու ներկայութեամբ, մէկտեղուեցան վարժարանի հանդիսասրահին մէջ:
Սրահային յայտագիրը կ՛ընդգրկէր աշակերտական ուղերձ մը եւ խմբային երգեր` նուիրուած Լիբանանին ու անոր բանակին, ապա բանակին կողմէ ներկայացուեցաւ տեսերիզ մը, անոր կենցաղին մասին, ուր խօսք առաւ ջոկատի հրամանատարը` Սարգիս Գարակէօզեան, որ մեզի համար մեծ հպարտանք էր, ան հայ էր ու նախկին հռիփսիմեանցի աշակերտ եւ ինք երախտապարտ էր հռիփսիմեանցի կամարէն անցած ըլլալուն համար: Հանդիսութեան սկիզբը խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մակարոսեան, որ շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տօնը, վեր առաւ լիբանանեան բանակին քաջարի զինուորներուն կատարած ծառայութիւնն ու անձնազոհողութիւնը, ապա խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` թելադրեց ըլլալ օրինակելի եւ տիպար քաղաքացիներ` միշտ պատիւ բերելով հայութեան:
Ամէնքով անհամբեր էինք բակը տեղի ունենալիք զինուորական մարտական փորձերը դիտելու: Հանդէսի աւարտին անբացատրելի արագութեամբ, բայց կարգապահ, մարդու շունչ չէր մնացած սրահին մէջ:
Դպրոցին ընդարձակ բակին մէջ տեղ գրաւած էին մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական դասարաններու աշակերտները եւ ծնողներու հոծ բազմութիւն մը` ականատես ըլլալու բանակայիններու կատարելիք մարտական փորձերուն. հակառակ անոր որ երկինքը կուտակուած էր անձրեւաբեր ամպերով, բայց անոնք խնայեցին մեզ ու առիթ տուին, որ զինուորականները իրենց իրերայաջորդ տեսակաւոր մարտական փորձերը կատարեն. անոնց շարքին ուշագրաւ էր դպրոցի ամէնէն բարձր շէնքէն անոնց արագաշարժ ու ճկուն վեր ու վար մագլցելու եղանակը, ինչպէս նաեւ` զրահապատին կատարած յարձակումին փորձը: Տեղին է յիշել, որ այս բացառիկ առիթին ներկայ է «Օ. Թի. Վի.» կայանը, որ յաջորդ օրն իսկ հայերէն լուրերու բաժինէն լուսարձակի տակ առաւ օրուան յայտագիրը` լայն տեղ տալով անոր, որուն համար շնորհակալ ենք տնօրէնութեան եւ անձնակազմին:
Ցուցական փորձերու աւարտին քոյր Արմինէ Մակարոսեան հրաւիրեց ջոկատի հրամանատարը` Սարգիս Գարակէօզեանը, եւ դպրոցին անունով անոր յանձնեց յուշանուէր մը` գնահատելով բանակին քաջարի զինուորները եւ առ ի երախտագիտութիւն` աշակերտուհիներու ձեռամբ զինուորներուն տրուեցան ճերմակ վարդեր:
Ճերմակ վարդի նման յաւերժ ծաղկուն մնայ մեր սիրելի Լիբանանը:
ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
Ֆանար, 18 նոյեմբեր 2011