ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ՅԻՇԵՑՈՒՑ ՔԻՒՐՏ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ԲՆՈՐՈՇՈՒՄՈՎ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Տիգրանակերտի հայոց Ս. Կիրակոս  եկեղեցին վերականգնեցին: Հայեր ներկայ եղած են եկեղեցիի խորանի օծման: Այս վերականգնումը` քաղաքի հայկական անցեալի յիշեցում մը: 2011 թուականի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մին:

Հայրենահանումէն ետք հոն շարունակած էին ապրիլ բեկորներ, որոնք աստիճանաբար գացած էին Պոլիս կամ արտասահման: Հայաթափումը շարունակուած էր:

Այդ Մնացորդացի մասին անսեթեւեթ կերպով վկայած է ժամանակակից գրող Մկրտիչ Մարկոսեան: Անոր գիրքը` «ՄԵՐ ԱՅՆ ԿՈՂՄԵՐԸ», արմատախիլ զանգուածներուն հաւաքական յիշողութեան անհանգստացնող արտայայտութիւնն է: Պէտք չէ վախնալ անհանգստանալէ: Բայց քանի՞ հայեր տեղեակ են այդ անհուն յուզականութեամբ դրոշմուած վկայութեան: Ո՞վ գիրք կը կարդայ: Մանաւանդ` հայերէն գիրք®

Որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ մեր դպրոցներուն մէջ, մեր թերթերու էջերուն վրայ յաճախ յիշուէին Տիգրանակերտի կեանքը եւ մարդիկ` Մկրտիչ Մարկոսեանի պատումին ընդմէջէն: Ինչ որ ըսուած եւ գրուած է հոն, հայու տրամն է, Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայաշխարհի կոտտացող ցաւը: Այդ ցաւի անգիտացումը մեր այլասերման ախտանշանն է:

Տիգրանակերտը` պատկեր հայաշխարհի:

Ցաւ, որ ինքնութեան պատուանդան եւ աւիշ կրնայ ըլլալ:

Տիգրանակերտի եկեղեցիի օծման առիթով, ՔԻՒՐՏ քաղաքապետը կոչ ըրած է հայերուն, որ վերադառնան, քանի որ այդ հողը նաեւ իրենց կը պատկանի, որպէսզի ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ կառուցեն ԲԱԶՄԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ընկերութիւն մը: Իր ժամանակին եւ ժամանակակիցներուն բաղդատած` հեռանկարային իմաստութեան մը կրողը եղած է քիւրտ քաղաքապետը:

Անցեալին անդրադարձած եմ Բենիամին Թաշեանի մէկ գրութեան (տե՛ս` «Թափառումներ տիրոջ այգիին մէջ», Բ. Թաշեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրատարակութիւն), ուր ան կը խօսի քրտական առածի մը մասին, ըստ որուն, օտարը, որ կը խօսի իր լեզուն, աւելի մօտ է իրեն, քան` իր ազգակիցը, որ չի խօսիր իր լեզուն: Բենիամին Թաշեան խօսած է իր կարգին, բայց լսող չէ ունեցած: Եթէ լսող ունեցած ըլլար, այսօր հայածնունդները Բաբելոնէն ժառանգուած բոլոր լեզուներով չէին խօսեր եւ այդ յառաջդիմութիւն չէին համարեր:

Հիմա, Տիգրանակերտի ՔԻՒՐՏ Քաղաքապետը ՎԵՐԱԴԱՐՁի կոչ կ’ընէ, կոչ, զոր Հայաստանի Հանրապետութիւնը չ’ըներ, ՎԵՐԱԴԱՐՁ, որ սփիւռքի ազգային քաղաքականութեան, տոկալու եւ տեւելու կամքին փիլիսոփայութիւնն էր մօտաւոր անցեալին եւ չէ հիմա:

Հայը նոր ինքնութիւն կերտած է, ծագումով հայ ըլլալու ինքնութիւն, նոր հպարտութիւն` օրինակելի կերպով մերուած ըլլալու: Թէ ի՛նչ կը նշանակէ այս օրինակելին եւ ո՛ւր կը հասցնէ, հարցում է, որ կ’անհանգստացնէ, քանի որ պատասխանը պարզ է: Փոխարէն` զարգացուցած ենք ՍՓԻՒՌՔԸ ՄՆԱՅՈՒՆ ԵՐԵՒՈՅԹ է-ի եւ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿ-ՀԱՅԱՍԷՐ-ի վերաբերումները, որոնք ազգային գաղափարախօսութեան յարաբերաբար հասարակաց ոչինչ ունին: Ըսողներ եղան,  նոյնիսկ` բարձրագոյն մակարդակի վրայ, որ ՄԵՆՔ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱԶԳ ԵՆՔ: Բայց այս նորատեսակ ազգի սահմանումը ոչ ոք ուզած է տալ: Ինչպէ՞ս գտնել եւ տալ այդպիսի սահմանում:

Փոխարէն լսած ենք կէս հայու, քառորդ հայու, մէկ վաթսունչորրորդ հայու, հարիւր առ հարիւր հիւրընկալուած քաղաքացիի եւ հարիւր առ հարիւր հայ տիպարներու մասին, արտակարգ, քանի որ երկու հարիւր առ հարիւր մարդ®

Քիւրտ քաղաքապետն է, որ կ’առաջարկէ ՆՈՐ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ:

Հայ քաղաքական միտքը, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ, ի՞նչ պատասխան ունի այս կոչին, ինչպէ՞ս կարելի է կենսագործել առաջադրանքը: Զայն պիտի դասենք աւուր պատշաճի ճառերու շա՞րքը, թէ՞ պիտի համարենք քաղաքական միտքի զարգացման մեկնակէտ:

Մեր քաղաքական եւ ընկերամշակութային հոլովոյթը դեռ կարելիութիւն ունի՞ ընդառաջ երթալու քիւրտ քաղաքապետի նո՛ր հորիզոնին:

Արդարեւ, ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆ:

ա.- Հայկական հողերու վրայ, հայրենահանումէն ետք, տիրական կերպով կը բնակին քիւրտերը: Քիւրտ իմաստուն քաղաքապետը կ’ըսէ, թէ այդ աշխարհը ՀԱՒԱՍԱՐԱՊԷՍ կը պատկանի հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներուն: Այսինքն քիւրտ ղեկավարը թուրք բռնագրաւողի տրամաբանութեան չի հետեւիր եւ հանդէս կու գայ անարդարութիւն մը սրբագրողի դերով: Անցեալին ալ ըսած եմ, որ քիւրտերը բնական դաշնակիցն են հայերու, ընդդէմ բռնագրաւողին, եւ զարմացողներ եղած են:

բ.- Անկարելի թուացող առաջադրանքով մը հանդէս կու գայ քիւրտ քաղաքապետը. կառուցել բազմամշակութային ընկերութիւն: Ինչպէ՞ս: Կախարդական տարազ չկայ: Հարկ է խօսիլ, հաւատալ երկխօսութեան ուժին` աստիճանաբար թօթափելով պատմութեան քարացած ժանգը: Հայ մարդը ի՛նք պիտի հաւատայ, որ տոկալու, տեւելու եւ շարունակութիւն ըլլալու դժուար ճանապարհը այդ է, եւ ըստ այնմ պիտի կազմակերպութիւն եւ համագործակցութիւն յառաջացնէ` պայքարելով բրածոյ դարձած մտայնութիւններու եւ սովորութիւններու դէմ, Վերադարձի Փիլիսոփայութեան տալով նոր եւ իսկական կենսունակութիւն, որ այս պարագային տօնական առիթներով արտասանուած ճառ պիտի չըլլայ, այլ` հեռանկարային, ապագայակերտ:

Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռքներ ո՞ր գործնական եւ իրապաշտ մօտեցումով, եւ մանաւանդ` նախաձեռնութիւններով, պիտի ընդառաջեն Տիգրանակերտի քիւրտ քաղաքապետի կոչին:

Սպասումներ եւ անհատական դիրքերէ մեկնած դիրքապաշտական մօտեցումներ հայ ազգային ապագային նպաստ չեն:

Եթէ լսենք կոչը, վաղը այսօրուան պատկերով չի կրնար տեւել:

 

6 նոյեմբեր 2011
Կլենտորա, Քալիֆորնիա

Share this Article
CATEGORIES