ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ԵՒՐՕ-2012-Ի ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ. «ՕԶՊԻԼԻՍԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՉՀՐԱՒԻՐԵՑԻ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՐԴԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան իր կազմը հրապարակելէն օր մը ետք կատարած յայտարարութեան ընթացքին անդրադարձաւ Ռուսիոյ դէմ տեղի ունենալիք Եւրօ-2012-ի զտումի մրցումին:
Մինասեան ըսաւ, որ ինք Այաքս Ամսթերտամին մաս կազմող հայազգի յառաջապահ Արազ Օզպիլիսը չէ հրաւիրած ազգային հաւաքական:
Հոլանտական մամուլին համաձայն, Օզպիլիս ըսած է, որ եթէ իրեն առաջարկուի, ինք պիտի նախընտրէ մաս կազմել Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ ոչ թէ Հայաստանի:
Նշենք, որ վերջին շրջանին Մինասեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Աշոտ Մանուկեան, բանակցութիւններ վարեցին Օզպիլիսի հետ, որպէսզի ան մաս կազմէ Հայաստանի ազգային հաւաքականին: Սակայն վերջինս խնդրած էր, որ մինչեւ մայիսի աւարտը իրեն ժամանակ տրուի` այդ ուղղութեամբ մտածելու համար:
Հոլանտայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն Օզպիլիս, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի կ՛առնուէր, նախորդ շաբաթավերջին դաշտ ներկայացաւ իբրեւ հիմնական մարզիկ:
Կը կարծուի, որ Մինասեանի կողմէ նկատի առնուած բոլոր մարզիկներն ալ այսօր` չորեքշաբթի, 23 մարտին ժամանած պիտի ըլլան Հայաստան: