ԱԿՆԱՐԿ. ԹԱԼԷԱԹԸ ՀԻԹԼԵՐԷՆ ԱՌԱՋ ԵՒ ՔՈՅՐ ՔԱՂԱՔՆԵՐՈՒ ԽՈՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ վարչապետին յոխորտանքային յայտարարութիւնները` հնչած իր երկրի օրէնսդիր ժողովին առջեւ, աննկատ պէտք չէ ձգել եւ անուշադրութեան պէտք չէ մատնել: Սուրիական իշխանութիւններուն դէմ սանձազերծած քարոզչաքաղաքական պատերազմը Թուրքիոյ կողմէ, վարչապետ Էրտողանի ելոյթով հասաւ գագաթնակէտին, երբ Սուրիոյ նախագահը բնութագրելու համար թուրք վարչապետը զայն որակեց իբրեւ իր ժողովուրդէն վախցող ղեկավար եւ համեմատութիւններ կատարեց Հիթլերի եւ Չաուչեսքոյի հետ:

Ի հարկէ շատ վիրաւոր է այստեղ նոր օսմանականութեան ղեկավարը: Իր իսկ օգտագործած եզրերը վերաշարադրելով կարելի է շատ հանգիստ ու տրամաբանական խօսիլ սեփական պատմութենէն վախցող ղեկավարին մասին եւ ժամանակագրական բանականութիւնը պահելով Հիթլերն ու Չաուչեսքոն համեմատել Թալէաթին եւ Ճեմալին հետ: Նման դաս տալու պատմական ու բարոյական իրաւունքը չունի թուրք վարչապետը:

Քրտական խաղաքարտը կը շարունակէ առանցքային գործօնը հանդիսանալ թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու վատթարացման, մերձեցման աննախադէպ տարողութիւններու կտրուկ փոփոխութեան` թրքական անվերջ սպառնալիքներով, Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի ստեղծման ծրագիրներ հրապարակելով, պատժամիջոցներու դիմելով , հրաժարականներ պահանջելով: Եւ աւելի քան ուշագրաւ է, որ քիւրտերուն նկատմամբ առաւելագոյն հանդուրժողականութիւն ցոյց տալու միտումով, թուրք վարչապետը պաշտօնապէս Տերսիմի քիւրտերէն ներում կը հայցէ անոնց նկատմամբ իր նախորդներուն կողմէ ջարդեր իրականացուցած ըլլալու համար: Մինչ ճնշամիջոցներ, սպանդներ, ձերբակալութիւններ եւ հալածանքներ կը շարունակուին Թուրքիոյ տարածքին ապրող քիւրտ ազգաբնակչութեան դէմ:

Եւ այստեղ Թուրքիոյ վարչապետը չէ առաջարկած թուրք եւ քիւրտ պատմաբաններու միացեալ յանձնախումբի կազմութիւն` քննարկելու պատմական դէպքերու իրողութիւնը եւ ըստ այնմ եզրակացութիւններու յանգելու համար: Կտրուկ, յանկարծակի ընդունած է Տերսիմի ջարդերը եւ պատրաստակամութիւն յայտնած` ներում հայցելու… Պատմական այս կամ այն ժամանակահատուածին հետ հաշուի նստիլն իսկ զուտ քաղաքական ելակէտներ ունի եւ կը տեղադրուի շրջանային հարցերու լուծման կամ սրումի գործընթացներուն մէջ:

Կը թուի, որ Սուրիոյ դէմ յայտարարուած քարոզչաքաղաքական պատերազմը Թուրքիոյ կողմէ պիտի շարունակուի նոր թափերով: Մինչ, արաբական միւս երկիրներուն նկատմամբ համակրանք շահելու եւ քաղաքական-հասարակական շրջանակներու մէջ պարարտ ենթահող ձեւաւորելու քաղաքականութիւնը միեւնոյն կշռոյթով կ՛ընթանայ:

Այս շրջագիծին մէջ պէտք է դիտարկել նաեւ, Պէյրութն ու Պոլիսը քոյր քաղաքներ հռչակելու թուրքեւլիբանանեան միացեալ որոշումը: Միջպետական յարաբերութիւններն ու անոնց ընդհանուր պարունակին մէջ կնքուած համաձայնագիրները աւելի ընկալելի են քան այս մէկը, որ աւելի խորհրդանշական բնոյթ ունի: Միւսները դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունեցող երկու երկիրներու միջեւ օրինաչափ են: Յաւելեալ խորհրդանշական բարեկամութիւններ ամրագրող նման քայլեր իրենց բացատրութիւնը չունին, մանաւանդ որ Պէյրութը նաեւ խորհրդանիշ է լիբանանցի ժողովուրդին դէմ գործադրուած թրքական ջարդերուն: Խորհրդանշական է քայլը եւ ոչ իրաւաքաղաքական: Այլապէս բաւական անհեթեթ պիտի ըլլար, Երեւան-Պէյրութ քոյր քաղաքներու ցանցին վրայ աւելցնել Պոլիսը, որուն քաղաքական ղեկավարները կը շարունակեն շրջափակուած պահել «հասարակաց քրոջ» երկիրը, որուն հետ փաստօրէն գոյութիւն չունին նաեւ բնականոն յարաբերութիւններ… Այս հաշուարկը պէտք է կատարէր լիբանանեան կողմը, աւելի մասնակիօրէն` Պէյրութի քաղաքապետութիւնը:

Այս մէկը կամայ-ակամայ լիբանանեան ժխտողականութեան  տարբերակ է սեփական պատմութեան մէկ կարեւոր ժամանակահատուածը շրջանցելու առումով: Եթէ Էրտողանը կը ժխտէ Թալէաթներուն եւ Ճեմալներուն իրականացուցած ցեղասպանութիւնը, Լիբանանը պէտք չէ անտեսէ մայրաքաղաքի Նահատակաց յուշարձանի խորհուրդը:

«Ա.»

 

Share this Article
CATEGORIES