ՌՈՒՍԻՈՅ ՃԱՏՐԱԿԻ ՏՂՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻՉ
«ԱՐՄՍՓՈՐ» հայկական լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով ռուսական կայքէջի մը հաղորդումը, կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ ճատրակի տղոց ազգային խումբը պիտի ունենայ հայ մարզիչ: Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնը իր մէկ նիստին համաձայն գտնուած է, որ Եուրի Տոխոյեան նշանակուի նոր մարզիչ:
Ռուսիոյ ճատրակի ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Տոխոյեան երկար ժամանակ գլխաւորած է Ռուսիոյ աղջկանց հաւաքականը եւ անոր հետ բազմաթիւ յաջողութիւններու հասած: Սակայն, հակառակ ատոր ան նոր հանգրուանի մը պիտի սկսի` նկատի ունենալով, որ տղոց խումբին հետ յաջողութիւններու հասնիլը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ»:
CATEGORIES Մարզական


