ԱՊՐԻԼ 24-Ը ՊԻՏԻ ՆՇՈՒԻ ՆԱԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ
«Երկիր» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պահչեշեհիր համալսարանի Եւրոպական Միութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի ղեկավար, «Թրքիշ Տէյլի Նիուզ» եւ «Վաթան» օրաթերթերու մեկնաբան Չենկիզ Աքթար յայտնած է, որ ինչպէս նախորդ տարի, այս տարի եւս Ապրիլ 24-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներ:
Ըստ Աքթարի, այդպիսի ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան 6 քաղաքներու, որոնց շարքին` Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ: Բացի ատկէ, յառաջիկային Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենան հայերուն վերաբերող շարք մը այլ միջոցառումներ, մասնաւորաբար` տեղի պիտի ունենայ «Ատանայի կոտորածներ» խորագիրով գիտաժողով:
«Կը կարծեմ, որ ամէնէն կարեւորը թուրք հասարակութեան յիշողութեան վերականգնումն է: Կը հաւաստեմ` գիւղերուն մէջ այդ հոլովոյթը աւելի արագ տեղի կ՛ունենայ, այնտեղ աւելի թարմ են յիշողութիւնները: Ասիկա երկար հոլովոյթ է, սակայն պէտք է փաստենք, որ սառոյցը սկսած է արդէն տեղէն շարժիլ», ընդգծեց Աքթար: